Ապրիլի առաջին օրերուն հանրապետութեան խոշոր հանրախանութներուն եւ կրպակներու ցանցին մէջ պիտի տեղադրուին «Անմոռուկ» կրծքանշաններ` ատոնք կամաւոր նուիրատուութեամբ վերցնելու հնարաւորութեամբ: Նուիրաբերուած գումարները պիտի ուղուին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու իրականացման հիմնադրամ, կը յայտնէ armeniangenocide100.org կայքը:
Կը յայտնենք նաեւ, որ «Անմոռուկ» խորհրդանիշը պաշտպանուած է հեղինակային իրաւունքներով Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ: Ատոր օգտագործման բացառիկ իրաւունքը կը պատկանի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող գլխաւոր տնօրինութեան:
Այն կազմակերպութիւնները կամ անհատ ձեռնարկատէրերը, որոնք ցանկութիւն ունին օգտագործելու «Անմոռուկը» յուշանուէրային արտադրութիւն կազմակերպելու համար պէտք է դիմեն 010 530062 հեռախօսահամարով կամ նամակ ուղարկեն հետեւեալ ելեկտրոնային հասեցին` org@armeniangenocide100.org :
Տնօրինութիւնը շնորհակալ կ’ըլլայ նաեւ, եթէ հանրութիւնը նոյն ելեկտրոնային հասցէով ծանուցէ մեզի «Անմոռուկի» օգտագործման դէպքերու մասին` մեզի յատկացնելով համապատասխան յուշանուէրի լուսանկարը եւ ատոր վաճառքի հասցէն` խորհրդանիշի անպատշաճ եւ չարտօնուած օգտագործումներու դէպքերէն խուսափելու նպատակով: