Սթամպուլի Մշակոյթի ու արուեստի հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուող՝ Սթամպուլի 43-րդ երաժշտական փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 31-էն Յունիս 29, «Tert.am»ի փոխանցմամբ կը տեղեկացնէ «CNNturk»ը:
Սթամպուլի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին փառատօնի տնօրէն Եշիմ Կիւրեր Օյմաք նշած է, որ փառատօնի ընթացքին երաժշտասէրները սիմֆոնիկ համերգներու հարուստ ընտրութիւն պիտի ունենան:
Փառատօնի ընթացքին պիտի հնչեն նաեւ հայ յայտնի երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանի գործերը:
«Մանսուրեան գրեթէ 1000 տարուան պատմութիւն ունեցող հայկական երաժշտութեան արդի տարրերն ու հին աւանդոյթները միաւորող հմտութիւն եւ երաժշտական գիտելիքներ ունի, որ անոր կը դարձնէ մեր օրերու ամենայատուկ հեղինակներէն մէկը: Ալտի եւ դաշնամուրի համար գրուած անոր ստեղծագործութեան առաջին ելոյթը պիտի կայանայ Յունիս 10-ին` Սուրբ Որդուոց եկեղեցւոյ մէջ:
Յոյսով ենք` այդ ստեղծագործութիւնը 1915-ին մեր հայ եղբայրներու ապրած ողբերգութեան ու կորուստները միասին յիշատակելու համար առիթ կը դառնայ», ըսած է ան: