Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Կրթական Միջազգային Ծրագիր Պէյրութի Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ իրականացաւ աշակերտներու փոխ-ծանօթութեան եւ դպրոցներու միջեւ գործակցութեան հաստատման՝ քանի մը հանգրուաններու վրայ տարածուած աշխատանքը, Par Le Monde միջազգային ծրագրի շրջանակներուն մէջ:

Ծրագրին նպատակն էր Մեսրոպեանի եւ Ֆրանսայի ու ֆրանսախօս երկիրներու մէջ գործող դպրոցներու աշակերտներուն միջեւ հաստատել փոխադարձ ծանօթութիւն:

Այս նպատակով Մեսրոպեան վարժարան այցելեցին ծրագրի երկու աշխատակիցներ՝ Մարիլին Հոշար եւ Լորեն Առնուլ, որոնց հետ Մեսրոպեան վարժարանի 4րդ դասարանի աշակերտները կիսեցին իրենց կրթական առօրեան եւ գիտելիքները, որոնք ելեկտրոնային հաղորդակցութեան միջոցներով փոխանցուեցան ֆրանսացի տարեկից աշակերտներու:

Հոշար եւ Առնուլ կազմակերպեցին աշխատանքային խմբակներ, որոնց մէջ Մեսրոպեանի աշակերտները զեկուցումներ ներկայացուցին Լիբանանի աւանդութիւններուն, մարզական կեանքին, գրականութեան եւ արուեստներուն մասին, ապա նաեւ կազմակերպեցին խաղեր, երգեցողութիւն եւ պար, որոնք բոլորն ալ տեսագրուեցան եւ լուսանկարուեցան՝ անոնց միջոցով ֆրանսացի աշակերտները ծանօթացնելու համար Մեսրոպեանական իրականութեան:

Ֆրանսացի մասնագէտները բարձր գնահատեցին մեր վարժարանի  կրթական առօրեան եւ մանաւանդ բազմալեզու կրթական ծրագիրը:

Կատարուած աշխատանքներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ, վիտէօ-նիւթեր եւ լուսանկարներ կարելի է տեսնել Par Le Monde կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին վրայ,

https://www.parlemonde.fr/portfolio/lecole-mesrobian/

 

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին