Սպանիոյ Բուրխասոտ քաղաքի քաղաքային խորհուրդը Յունուար ամսուան ընթացիկ նիստին (“Compromis”) եւ “EU” կուսակցութիւններու “կողմէ” եւ “PSPV-PSOE” եւ “PP” կուսակցութիւններուի “ձեռնպահ” քուէարկութեամբ) ընդունեց “Compromis” կուսակցութեան ներկայացուցած միջնորդագիրը, որով քաղաքային խորհուրդը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը դատապարտէ անոր ընթացքին կատարուած մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները: Այս մասին կը յայտնէ ԱԳՆ մամուլի ծառայութիւնը:
Միջնորդագրի մէջ նշուած է. “այս տարի կը լրանայ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, ցեղասպանութիւն, որ կը համարուի 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: 1915-1921թթ. ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին տեղի ունեցան հայ ժողովուրդի զանգուածային կոտորածներ եւ արտաքսումներ, յատկապէս երիտթուրքերու վարչակարգի օրով, որուն հտեւանքով զոհուեցան 1,5 միլիոն հայեր, իսկ մօտ 2 միլիոնը ստիպուած եղան լքել իրենց բնակավայրերը` ստեղծելով հայկական մեծ սփիւռքը”:
Նախագիծը պիտի փոխանցուի Միսլատայի “Արարատ” ընկերակցութեան, Սպանիոյ արտաքին գործերու նախարարին, Քոնկրէսի մէջ ներկայացուած կուսակցական խումբերուն, Վալենսիայի խորհրդարանի մէջ ներկայացուած կուսակցական խումբերուն, Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Բուրխասոտի հասարակական կազմակերպութիւններուն: