Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Մեծ Ձեռնարկները Պիտի Մեկնարկեն Մարտին

Հայոց Ցեղասպանութեան 100­-րդ տարելիցի միջեցառումներուն գագաթնակէտը պիտի ըլլայ Ապրիլ 22-­24-­ի ձեռնարկները, բայց մինչեւ այդ եւ անկէ ետք եւս թէ Հայաստանի, թէ արտերկրի մէջ կը սպասուին գիտական, կրթական, քաղաքական, մշակութային բնոյթի տարբեր արարողութիւններ: Յունուար 30-­ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ այս մասին յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող Վիգէն Սարգսեանը: “Առաջին խոշոր միջոցառումը մարտի 18-­20-­ին է` միջազգային մետիա ֆորումը, այն կոչուելու “Արարատի ստորոտին”, որն այս տարի ամբողջովին նուիրուած է լինելու Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին: Մենք աշխատում ենք տարածաշրջանային յանձնախմբերի հետ, որպէսզի այդ մետիաֆորումին ներկայ լինեն տարբեր միջազգային, տարածաշրջանային ազդեցիկ լրատուամիջոցները”,-­“Արմէնփրես”-­ի փոխանցմամբ` ըսած է Վիգէն Սարգսեան:

Ապրիլին 22-­23-­ին պիտի կայանայ “Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան” միջազգային հասարակական, քաղաքական ֆորումը, որ հարթակ պիտի ըլլայ խօսելու ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան, այլ նաեւ ցեղասպանութիւն յանցագործութեան մասին:

Վիգէն Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման կարգին` առանձնայատուկ կարեւորելով այն փաստը, որ սրբադասումը յստակ թիւեր չի նախատեսեր:

Ապրիլ 23-­ին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ պիտի կայանայ համաշխարհային հռչակ վայելող “System of a down” ռոք խումբի համերգը: Վիգէն Սարգսեանի խօսքով` խորհրդանշական է այն, որ հայերէն բաղկացած այս խումբի անդամները մեծ պայքար տարած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ եւ անոնց վստահուած  է արուեստի ոլորտին մէջ բարձրաձայնել հարցը: “Կազմակերպական կոմիտէն որոշեց, որ շատ ճիշտ կը լինի, եթէ 100-­րդ տարելիցի օրը այս պահանջը մշակոյթի ոլորտում հնչեցնեն հէնց իրենք` որպէս միասնականութեան եւ պահանջատիրութեան առաջամարտիկների երիտասարդ սերնդի ներկայացուցիչներ”,-­յայտնած է Վիգէն Սարգսեանը: Բացի այդ` խումբը 10 խոշոր համերգներ պիտի ունենայ Լոնտոնի, Ամսթերտամի, Պելճիքայի, Մոսկայի, շարք մը այլ քաղաքներու մէջ: Այդ համերգներու թեման Հայոց ցեղասպանութիւնը պիտի ըլլայ, որ պիտի կրէ «Արթնացնել հոգիներըէ խորագիրը:

Նոյնը օրը երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ նաեւ աւանդական դարձած ջահերով երթը, որուն այս տարի կ՛ակնկալուին մեծ թիւով մասնակիցներ:

“Ապրիլ 24-­ին Ծիծեռնակաբերդի բարձունքում կ’անցկացուի ոգեկոչման հիմնական արարողութիւնը արտասահմանեան ներկայացուցչութիւնների մասնակցութեամբ, նախատեսւում են ելոյթներ, ժամանած պատուիրակութիւնների խօսքը: Երեկոյեան կը կանայայ դասական երաժշտութեան մեծ համերգ, որում հանդէս կը գան բոլոր այն երկրներից, որոնք ճանաչել են Հայոց ցեղասպանութիւնը կամ քայլեր են կատարել այդ ուղղութեամբ”,­աւելցուցած է Վիգէն Սարգսեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին