Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Ես Նոյնպէս Այդ Իրադարձութիւնները Կ՛անուանեմ Հայոց Ցեղասպանութիւն. Թոմաս Տը Վաալ

Ուաշինկթընի “Քարնեկի” հաստատութիւնը իր կայքին մէջ կը ներկայացնէ հաստատութեան աւագ վերլուծաբան, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին “Սեւ այգին” գիրքի հեղինակ Թոմաս տը Վաալի նոր գիրքը` “Հայերն ու թուրքերը Ցեղասպանութեան ստուերի տակ” վերնագիրով:

Թոմաս տը Վալը իր խօսքին մէջ նշած է, որ հակառակ որ “ցեղասպանութիւն”ը խնդրայարոյց բառ է, սակայն ինքը նոյնպէս կը կիրառէ այդ եզրոյթը յստակ Հայոց ցեղասպանութեան մասին յիշատակելու ատեն:

“Ես նոյնպէս այդ իրադարձութիւնները կ՛անուանեմ Հայոց Ցեղասպանութիւն: Ցեղասպանութիւնը խնդրայարոյց բառ է եւ ընտրուած ոչ լաւագոյն եզրոյթը, սակայն ես կը կանգնիմ այն մարդոց կողքին, որոնց զայն “Հայոց ցեղասպանութիւն” կ՛անուանեն”,– ըսած է ան:

“Ես կը կիրառեմ “Հայոց Ցեղասպանութիւն” բառակապակցութիւնը, սակայն կը կիրառեմ հաւատալով, որ  ան իր մէջ կը կրէ սահմանափակումներ”,- աւելցուցած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին