Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

«Թուրքիան Չկրցաւ Ձերբազատիլ Ներքին Թապուներէն». Էդուարդ Նալպանտեան

«Թուրքական իշխանութիւնները վերջին հինգ-վեց տարում մեծ հնարաւորութիւն ունէին օգտագործել պատմական առիթն ու վաւերացնել հայ-թուրքական արձանագրութիւնները, կեանքի կոչելու ժողովուրդների միջեւ մերձեցման գործընթացը: Աւաղ, իրենց ներքին թապուներից չկարողանալով ձերբազատուել, շարունակեցին առիթը բաց չթողել ժխտելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հայ ժողովրդի, Հայաստանի նկատմամբ, մեղմ ասած ոչ բարեկամական յայտարարութիւններ եւ գործողութիւններ անել, որն աւելի խորացրեց անվստահութիւնը», ըստ «Panorama.am»ի լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Հրանդ Տինքի մահուան տարելիցին առիթով՝ Ա. Տաւուտօղլուի յայտարարութիւնը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն նոր սկիզբ դնելու մասին:

Միաժամանակ նախարարը նշած է, թէ հարց կ՛առաջանայ, ինչո՞ւ Տաւուտօղլուն կամ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ կը սպասէին 2015 թուականին, որ նոր յայտարարութիւն ընեն Հ. Տինքի սպանութեան առիթով, ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել, որ ութ տարի շարունակ Թուրքիոյ իշխանութիւնները չկրցան բացայայտել Տինքի սպանութեան մեղաւորները:

«Հիմա յարգալից վերաբերմունքի մասին են խօսում: Այս նոր յայտարարութեան մէջ որեւէ նոր բան չկայ, դրանց պատասխանը տրուել է», ըսած է Նալպանտեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին