Լիբանան մէջ իր այցելութիւններու ծիրէն ներս ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբի հրաւէրով հիւրաբար ՊԷյրութ գտնուող ակադեմական Ումիթ Քուրթ իր տիկնոջ հետ, երէկ Կիրակի 25 Յունուար 2015-ի առաւօտեան, ընկերակցութեամբ ՌԱԿ-ը ներկայացնող ընկերներու, այցելեց Զմմառու Վանք , ուր ներկայ գտնուեցաւ Ս. Պատարագին: Պատարագէն ետք Զմմառու Վանքի Մեծաւոր՝ Գերապայծառ Գաբրիէլ Եպս. Մուրատեան յարգելի հիւրը ընդունեց իր գրասենեակին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ շահեկան խօսակցութիւն հիւր ակադեմականին Այնթապի նուիրուած թէզին մասին:
Զմմառու Վանք այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ նաեւ հանդիպելու Հայր Անդրանիկ Ծ. Վ. Կռանեանին հետ եւ այցելելու Թանգարանն ու Զմմառու հռչակաւոր գինիի մառանը: