Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Հայաստան

Շաբաթավերջին Արամ Ա. Կաթողիկոս Պէյրութէն Երեւան մեկնեցաւ: Հայաստան իր կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման Կեդրոնական Յանձնախումբի ժողովին, ինչպէս նաեւ երկու Վեհափառ Հայրապետները պիտի նախագահեն Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու Սրբադասման Յանձնախումբի ժողովը։

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Միջոցառումները Համակարգող Պետական Յանձնաժողովի 5-րդ Նիստ

Յառաջիկայ օրերուն՝ Երեքշաբթի 27 Յունուարէն մինչեւ Ուրբաթ 30 Յունուար 2015 երկարող օրերուն Երեւանի մէջ պիտի գումարուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի 5-րդ նիստը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Մայք Խարապեան, օրակարգ ունենալով վաւերացնել Հայոց Ցեղասպանութեան  100-ամեակի առիթով հրապարակուելիք համահայկական պատմական հռչակագիրը ինչպէս նաեւ ոգեկոչման միջոցառումներու այլ մանրամասնութիւններու քննարկում եւ հայկական պահանջատիրութեան վերաբերող  թղթածրարի նախապատրաստման աշխատանքներու ձեռնարկում: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի կայքէջի շնորհահանդէս եւ մեկնարկ:

Նշենք թէ, Հայոց Ցեղասպանութեան  100-ամեակի Համահայկական Հռչակագիրը, արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէնի կողքին լոյս պիտի տեսնէ նաեւ անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, գերմաներէն, ռուսերէն, թրքերէն եւ արաբերէն լեզուներով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին