Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Այնթապահայութեան Տեղահանութեան, Բնաջնջումին Եւ Գոյքերու Իւրացման Նուիրուած Սեմինար

Շաբաթ 24 Յունուար 2015-ի յետմիջօրէին Թէքէեան Կեդրոնը ժամադրավայրը հանդիսացաւ Այնթապի պատմութեամբ հետաքրքրուած ակադեմականներու, լրագրողներու, մտաւորականներու եւ Այնթապահայ պատասխանատուներու, որոնք եկած էին ներկայ գտնուելու ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբին կազմակերպած անցեալ շաբթուայ երկրորդ ձեռնարկին, որ Այնթապահայութեան տեղահանութեան, բնաջնջումին եւ գոյքերու իւրացման նիւթին նուիրուած սեմինար մըն էր:

Արդարեւ կ.ե. ժամը 4:00-էն երեկոյեան ժամը 7:00 երկարած սեմինարին ընթացքին, ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբին հիւրը հանդիսացող Պրն. Ումիթ Քուրթ ներկաներուն՝ որոնց կը գլխաւորէին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Գերշ. Նարեկ Արք. Աշքարեանը, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ ընկ. Յակոբ Գասարճեան, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Միքայէլ Վայէճեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ ընկերներ,  հրամցուց վերոյիշեալ իր նիւթով շահեկան թէզը:

Հայկազեան Համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի ձեռնհասօրէն վարած սեմինարը առիթ մը հանդիսացաւ ներկաներուն իրենց հետաքրքրող բոլոր հարցերը քննարկել յարգելի հիւրին հետ, որոնց բոլորին տրուեցաւ գոհացուցիչ պատասխաններ:

Մանրամասնութիւնները յաջորդիւ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին