Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Մերքել. Գերմանիան Միջնորդ ԼՂ Խնդրի Կարգաւորման

Գերմանիան հանդէս պիտի գայ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի խաղաղ կարգաւորման օգտին եւ պիտի ձգտի սեփական ներդրումը ունենալ այդ գործընթացին մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Tert.am»ը՝ վկայակոչոլով «Ինթերֆաքս» գործակալութիւնը, այդ մասին յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Անժելա Մերքել:

«Գերմանիան կը ձգտի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով միջնորդի դեր ստանձնել: Մենք կը կարծենք, որ Եւրոպայի խորհուրդը եւ Եւրոպական միութիւնը կրնան այս ուղղութեամբ նախաձեռնութեամբ հանդէս գալ, որոշակի ներդրում ունենալ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով: Ատոր համար Ազրպէյճան կը բանակցի Եւրոյանձնաժողովին հետ», ըսած է ան՝ Ազրպէյճանի նախագահին հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Մերքել ընդգծած է, որ Գերմանիան ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի անդամ է եւ կ՛աջակցի Հայաստանի ու Ազրպէյճանի բանակցութիւններուն, որոնք տեղի կ՛ունենան համանախագահող երկիրներու` Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ:

«Կը կարծենք, որ այդ հակամարտութիւնը լուծման միայն մէկ ճանապարհ ունի` խաղաղօրէն: Հրադադարի յաճախակի խախտումները բացասական փաստ են: Կը կարծեմ` ատոր մէջ որոշակի դերակատարութիւն ունի Ռուսիան: Ես պարզապէս պիտի ցանկայի ընդգծել ատիկա», ըսած է Մերքել:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին