Կիրակի, Յունուար 18-ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին երախտագիտութեամբ արժեւորուեցաւ ազգային ամենամեծ կազմակերպութիւններէն` Հ.Բ.Ը.Մ.-ի դերն ու մատուցած նպաստը հայ ժողովուրդին:
Գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ Ս. Էջմիածինէն հիւրաբար ներկայ գտնուող եւ պատարագող Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Բաբայեանի, ներկայութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի սկաուտներու, միութենականներու եւ հաւատացեալներու, հոգեւոր հայրերը վեր առին Միութեան աշխատանքները, ծրագիրներն ու իրագործումները, որոնք 1906-էն ի վեր կը բաշխուին հայութեան: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, սրտի եւ երախտիքի իր խօսքը փոխանցեց Լոս Անճելըսի Քաղաքային Խորհուրդի անդամ Պրն. Փօլ Գրիգորեան, որմէ ետք սկաուտներուն գլխաւորութեամբ թափօրը դուրս եկաւ նորաօծ Ապրիլեան յուշարձան, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ յարգանք՝ մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին:
Ապա, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Ասպետներու Համախմբումին հրաւէրով տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, ուր Միութեան փոխ-ատենապետ Պրն. Սինան Սինանեան, Արեւմտեան շրջանի ատենապետ Պրն. Գրիգոր Գարակէօզեան եւ Ասպետներու ատենապետ Տոքթ. Յարութ Եաղսըզեան շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Յովնան Սրբազանին, ցուցաբերուած այս յատուկ յարգանքին համար: Վերջինս, անգամ մը եւս կարեւորեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի մատուցած համահայկական օժանդակութիւններն ու ծրագիրները:
Տոքթ. Եաղսըզեան շնորհակալութիւն յայտնեց ու յուշանուէրով մը պատուեց Պրն. Գարակէօզեանը՝ նշելով անոր ատենապետութեան շրջանի աւարտը, իսկ Յովնան Սրբազանին նուիրեց Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարանին եւ Ասպետներուն հրատարակած նորատիպ հատորէն օրինակ մը, որուն ներկայացումն ու ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենան 8-10 Ապրիլ 2015-ին, Սքիրպոլ կեդրոնին մէջ:
Հ.Բ.Ը.Մ.-ին պիտի յաջորդեն այլ կազմակերպութիւններ, որոնք նոյնպէս պիտի արժանանան Հայոց Առաջնորդարանի յարգանքին՝ ի տես յետ Ցեղասպանութեան անոնց կատարած ազգային լայն գործունէութեան: