Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Նախագահ Սարգսեան «Լոյսը Հանգեցաւ»

ՀՀ  Նախագահ Սերժ Սարգսեան     ցաւակցական ուղերձ մը յղած է փոքրիկն Սերոժա Աւետիսեանի մահուան առթիւ: Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս  կ’ըսուի. «Հակառակ տարուած բոլոր ճիգերուն  հնարաւոր չեղաւ փրկել փոքրիկն Սերոժայի կեանքը: Հանգեցաւ այն լոյսը, որ  դարձած էր մեր սփոփանքը   Կիւմրիի մէջ գործուած ծանր ոճրագործութիւնէն ետք»: Նախագահ Սարգսեան  այս առթիւ իր  խորազգաց ցաւակցութիւնները  յայտնեց    Սերոժայի հարազատներուն, կիւմրեցիներուն եւ համայն  հայութեան: Նախագահը վստահեցուց, որ  հարկ եղած բոլոր  գործընթացները կ’իրականացուին՝   այս ծանր   ոճրագործութեան   հատուցման համար: 

Նշենք, թէ աւելի կանուխ ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութիւնը  փոխանցեց Սերոժա Աւետիսեանի մահուան լուրը: Յայտնենք,  որ վերջին ժամերուն  Սերոժայի վիճակը կտրուկ ծանրացած էր:  Երեխան, որ փրկուած էր Կիւմրիի մէջ    կատարուած սպանդէն  կը գտնուէր հայ եւ ռուս  մասնագէտ բժիշկներու խնամքին ներքոյ:

ՓՈՒԹԻՆ ԿԸ ՑԱՒԱԿՑԻ ԵՒ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏԷ

Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնական կայքին փոխանցումով, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի միջեւ: Ռուսիոյ նախագահը ցաւակցութիւն յայտնած է  զոհուածներու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ հայ ազգին`Կիւմրիի մէջ 12 Յունուարին տեղի ունեցած ողբերգութեան առնչութեամբ, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Ըստ նոյն աղբիւրին, նախագահ Փութին վստահութիւն յայտնած է, որ բոլոր անհրաժեշտ քննչական գործողութիւնները պիտի կատարուին ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցներուն մէջ, եւ մեղաւորները պիտի կրեն օրէնսդրութեամբ նախատեսուած պատիժը: Միւս կողմէ ըստ Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան, նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմինները պիտի շարունակեն դէպքին բոլոր հանգամանքներուն լիարժէք բացայայտման ուղղուած  անհրաժեշտ գործողութիւնները: Բացի ատկէ, նախագահները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող ընթացիկհարցեր: Ռուսիոյ լրատուամիջոցներուն փոխանցումով` հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը  տեղի ունեցած է նախագահ Փութինի նախաձեռնութեամբ:

Մինչ այդ Կիւմրիի սպանդին մէջ մեղադրուած Վալէրի Բէրմիաքով   հարցաքննութեան ենթարկուելու պահուն,    ընդունած է իր  հանդէպ առկայ մեղադրանքը: Բէրմիաքով նաեւ ըսած է, թէ ինք այդ սպանդը կատարեց, որպէսզի   Վլատմիր Յովհաննիսեանին հանդէպ իր ունեցած վրէժը լուծէ: Ըստ Բէրմիաքովի հերիւրանքներուն, Յովհաննիսեան      մարդասպան մըն է, որ ռուսական՝ յատկապէս  Իվանովու  եւ Մարինա Ռոշչա քաղաքներուն մէջ  մի քանի ոճրագործութիւն կատարած է: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին