Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը զանգահարած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին, որպէսզի եւս մէկ անգամ յայտնէ իր ցաւակցութիւնները Կիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան զոհերու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ ողջ հայ ժողովուրդին:
Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը`վկայակոչելով «Ռիանովոստի»ն, այդ մասին տեղեկացուցած է ՌԴ առաջնորդի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փէսկովը:
«Փութինը վստահութիւն յայտնած է, որ անհրաժեշտ բոլոր քննչական գործողութիւնները պիտի կատարուին ամէնէն կարճ ժամանակահատուածին մէջ եւ մեղաւորները պիտի կրեն օրէնքով սահմանուած իրենց պատիժը», ըսած է Փէսկով: Անոր խօսքով` Փութինը նաեւ յոյս յայտնած է, որ Հայաստան ժամանած ռուս բժիշկներն իրենց հայ գործընկերներուն հետ կը ցուցաբարեն ողջ անհրաժեշտ բարձրակարգ մասնագիտացուած օգնութիւնը այդ ողբերգութիւնը վերապրած վեց ամսական Սերոժա Աւետիսեանին:
«Ռուսաստանի նախագահը նաեւ իր հայ գործընկերոջ վստահեցուցած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային Ռուսաստանը պատրաստ է ուղարկելու բժշկական ինքնաթիռ, որպէսզի երեխան տեղափոխուի Մոսկուա` յետագայ բուժման համար», աւելցուցած է ՌԴ նախագահի մամլոյ քարտուղարը:
Բացի այդ, ըստ Փէսկովի, հեռախօսազրոյցի ժամանակ Սարգսեան եւ Փութին քննարկած են հայռուսական յարաբերութիւններուն առնչուող ընթացիկ հարցեր: