Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Սուրիահայերուն Օգնելու Նպատակով Բարեգործական Համերգ Փասատինայի Մէջ

Global Arts Int-ը բարեգործական համերգ կը կազմակերպէ Փասատինայի մէջ, որմէ գոյացած ողջ հասոյթը պիտի փոխանցուի Սուրիահայ բարեգործական հիմնադրամին: Այս մասին կը յայտնէ «NEWS.am»-ը:

Համագործակցելով SARF-ի` Սուրահայութեան բարեգործական հիմնադրամին հետ, Յունուար 25-ին «Փասատինա Սիթի քոլեճի» համերգասրահին մէջ, ազգագրական եւ ժողովրդական երգերու անզուգական կատարումներով հանդէս պիտի գան՝ հայ յայտնի եւ սիրուած երգիչ-երգչուհիներ ու շոուպիզնըսի ներկայացուցիչներ Գոհար Յովհաննիսեանը, Վարդան Պատալեանը,  Էրիկը, Միսթր Իքսը, Նորոն, Յարութ Յակոբեանը, Ռաֆայէլ Երանոսեանը, «Գէորգեան» պարային ակադեմիան եւ այլն: Երեկոյի հանդիսավարներն են Յակոբ Յակոբեանն ու Արփի Գաբրիէլեանը:

Global Arts Int-ի հիմնադիր Կարպիս Թիթիզեան կը նշէ, որ բոլորիս պարտքն է մեր ուշադրութիւնը սեւեռել՝ Սուրիոյ մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու խնդիրներուն: Անոր խօսքով սա իսկապէս   բացառիկ առիթ է  հայկական, ազգային, ժողովրդական երգերու սիրահարներուն համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին