Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Հայաստանցի 40 Մանուկներ Իրենց Ձմեռնային Արձակուրդը Կ’անցնեն Հոլանտայի Մէջ

Հոլանտական  Pax kinderhulp  կազմակերպութեան հրաւէրով, Յունուար 6-31 Հոլանտայի մէջ իրենց ձմեռնային արձակուրդները կ’անցնեն՝ Վարդենիսի եւ Սպիտակի շրջաններու անապահով ընտանիքներու 40 երեխաներ: Այս մասին ըստ «Հայերն Այսօր»-ի, յայտնած է Մանուկ Մկրտչեան Ալմելոյէն:

Յունուար 11-ին Ալմելոյի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սրահին մէջ  հիւրընկալուած էին Վարդենիսի կեդրոնի Տորփաւան, Տրետակ, Արփունք, Շատուան, Փամբակ, Սոթք, փոքր Մասրիկ գիւղերու անապահով ընտանիքներու 8-14 տարեկան, թիւով 20 երեխաներ:

Հանդիպումը կազմակերպած էին Եկեղեցւոյ վարչութիւնը, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀՄԸՄ) եւ Հայ  Բարեգործական  Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ):

Սկիզբը  երեխաները մասնակցեցան Ս. Պատարագին, որմէ ետք Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջ  կազմակերպուած էին բազմաթիւ խաղեր եւ ժամանցային ձեռնարկներ,  երեխաներուն օրը հետաքրքիր դարձնելու համար: Ելոյթի ընթացքին հանդէս եկան նաեւ հոլանտահայ երգիչ-երաժիշտներ:

Հանդիպումը աւարտեցաւ ճաշկերոյթով, որմէ ետք երեխաները ստացան բազմաթիւ նուէրներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին