Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Դասախօսական Երեկոյ. «100-Ամեայ Ցեղասպանութիւնը՝ Հրանդ Տինքի Հետքերով» – Նիւթով

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլենտէյլի մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած է դասախօսական երեկոյ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 18 Յունուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Միութեան Ալթատինայի «Պէշկէօթիւրեան» սրահին մէջ։

Դասախօսութեան նիւթն է «100-ամեայ Ցեղասպանութիւնը՝ Հրանդ Տինքի Հետքերով», իսկ զեկուցաբերն է վերապատուելի Եսայի Սարմազեանը Թորոնթոյէն։ Գեղարուեստական յայտագիրին պիտի մասնակցին ՀԲԸ Միութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի ամակերտներ, ղեկավարութեամբ իրենց ուսուցիչ Նորայր Տատուրեանին:

Մուտքը ազատ է բոլորին եւ դասախօսութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ պատշաճ հիւրասիրութիւն։ Խիստ շահեկան այս միջոցառումը կազմակերպուած է, յարգելու համար անմահ յիշատակը բիւրաւոր մեր անմեղ զոհերուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին