Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Ամսթերտամի Մէջ Թուրք Հետազօտողը Դասախօսութիւն Պիտի Տայ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Ամսթերտամի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ 30 Յունուար-ին:

Կը նախատեսուի, որ դասախօսութիւն կարդայ Ութրեխտի համալսարանի պատմութեան դասախօս եւ Պատերազմի, Հոլոքոսթի ու Ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու ինսթիթութի (NIOD) գիտաշխատող դոկտոր Ուգուր Ումիթ Ունգորը` “Ցեղասպանութեան պատճառներու եւ ընթացքի” մասին: Այդ օրը պիտի ազդարարուին Հոլանտայի եւ այլ վայրերու մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծրագիրները: Այս մասին ըստ “Արմէնփրես”ի կը տեղեկացնէ Հոլանտայի “Աբովեան” մշակութային միութիւնը:

Ձեռնարկը կազմակերպուած է Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնութեան (FAON) “Ապրիլ 24 կոմիտէ”ի եւ Հայ ուսանողական “Գլաձոր” միութեան (ASV Gladzor) համագործակցութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին