Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Պէյրութի ՌԱԿ Պայքար Ակումբի Սուրբ Ծնունդի Ձեռնարկը

Արդեն իսկ աւանդական դարձած է Պայքար Ակումբի Սուրբ Ծննդեան տարեկան խրախճանքը:  Արդարեւ, Երեքշաբթի 6 Յունուար 2015-ի երեկոյ, կը խայտար Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնի Հրաչեայ Սեդրակեան սրահը:  Հաւաքուած էին հարիւր յիսունէ աւելի ՌԱԿ Պայքար եւ այլ Ակումբներու անդամներ եւ համակիրներ, միասնաբար ուրախանալու եւ տօնելու Յիսուս Մանուկի Ծնունդը:  Ձեռնարկին ներկայ էին ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Ընկ. Հրայր Հովիւեանը, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ՝ Ընկ. Միքայէլ Վայեճեանն ու Վարչութեան Անդամ՝ Ընկ. Տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեանը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ընկ. Կարօ Յակոբեան: Ան ՌԱԿ Պայքար Ակումբի անունով բարեգալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շնորհաւորեց Սուրբ Ծնունդը եւ ձեռնարկը բացուած յայտարարեց:

Արուեստագէտ Գոգօ Մկրտիչեան եւ պուզուգիստ Յարութ Կիւլիւզեան ընկերակցութեամբ իրենց նուագախումբին, ճոխ երգերով ստեղծեցին հաճելի մթնոլորտ մը եւ ներկաները իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին Հայկական ուրախ պարերով:

Հարազատ այս մթնոլորտին մէջ, բաժակաճառի համար բեմ հրաւիրուեցաւ Ընկ. Հրայր Հովիւեան: Ան յաւուր պատշաճի խօսքերով ողջունելէ ետք ՌԱԿ-ի ղեկավարութիւնը, Պայքար ակումբի վարչականները, կուսակցական ընկերներն ու ներկաները ընդհանրապէս, շեշտեց թէ. «Մենք կը հաւատանք չորս սրբութիւններու:  Հայաստանի, Հայ Դատի, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Լիբանանի: Իր խօսքին աւարտին ընկեր Հովիւեան մաղթեց, որ  Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարին՝ 2015-ը Հայկական պահանջատիրութեան վիճակէ առաւելագոյն նուաճումներ, իսկ մեր սիրելի Լիբանան՝ արժանաւոր Նախագահ:»

Ընկերային ուրախ մթնոլորտի մէջ ներկաները շարունակեցին իրենց խրախճանքը մինչեւ առաւօտեան փոքր ժամերը:

Թղթակից

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին