Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբը, որ կազմուեցաւ 2014-ին, նպատակ կը հետապնդէ այլ միջոցառումներու կողքին, իրաւաբանական օգնութիւն ցուցաբերել արեւմտահայ գրաւեալ հողերու կալուածատէրերու դատերու պաշտպանումին, սատարել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին համար տարուող փրոփականտային աշխատանքներուն արաբական թէ օտար մամուլի եւ կայքերու միջոցով, եւ այլ միջոցառումներ որոնց մասին պարբերաբար պիտի տեղեկացուի հանրութեան:
Յանձնախումբս պաշտօնական հանդիպումներ ունեցաւ եւ այցելութիւններ տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Լիբանանի Հայոց Առաքելական Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին, Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանին՝ ծանօթացնելով իր ծրագիրներն ու աշխատանքային գործունէութեան ծիրը:
Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի ծիրէն ներս, ներկայ հանգրուանին, հովանաւորութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնին, Յանձնախումբս Լիբանան հրաւիրած է երիտասարդ ակադեմական Ումիդ Քուրթը, ԱՄՆ Քլարք Համալսարանէն:
Պրն. Քուրթ հրապարակային դասախօսութիւն մը պիտի տայ Վահան Թէքէեան Վարժարանի «Յակոբ Պարսամեան» սրահին մէջ, Ուրբաթ 23 Յունուար 2015-ի, երեկոյեան ժամը 7:30ին՝ «Թրքական Տեղական Իշխանութեանց Պատասխանատուութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Մէջ. Այնթապի Հայութեան Տեղահանութիւնն ու Բնաջնջումը» վերնագրով:
Պրն. Քուրթ պիտի ունենայ նաեւ փակ սեմինար մը Թէքէեան Կեդրոնին մէջ, Շաբաթ, 24 Յունուար 2015ին, կ. ետք ժամը 4էն 7:
Յարգելի ակադեմականին Պէյրութ կեցութեան շրջանին ծրագրուած է նաեւ ուսանողական հանդիպում մը կայացնել լիբանահայ ուսանողութեան հետ, Հայկազեան Համալսարանին մէջ:
Յանձնախումբս մամուլով եւ ընկերային ցանցերու միջոցաւ լիբանահայութիւնը տեղեակ պիտի պահէ ձեռնարկներուն այլ մանրամասնութիւնները՝ յառաջիկայ օրերուն:
ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբ