27 Դեկտեմբեր 2014ին գումարած իր Ընդհանուր Ժողովին ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ակադեմիան Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը ընտրած է Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ:
Դոկտ. Մսըրլեանի ազգային-հասարակական եւ գիտա-կրթական ու հայագիտական նուիրումն ու ծառայութիւնը լիբանահայ գաղութին՝ կ’երկարին աւելի քան յիսուն տարիներու վրայ: Ազգային օրինակելի յանձնառութեամբ եւ հետեւողականօրէն լոյս տեսած անոր ժամանակակից հայոց պատմութեան եւ մանաւանդ Հայ Դատին նուիրուած խոհուն, բանիմաց եւ խորաթափանց ուսումնասիրութիւնները (յօդուածներ եւ առանձին հատորներ) կարեւոր նպաստ հանդիսացան Հայոց դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդման գծով տարուած աշխատանքներուն:
2014 տարուան ընթացքին, Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոս Արամ Վեհափառէն «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով ու Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանէն «Մովսէս Խորէենացի» շքանշանով պարգեւատրուելէ ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ ընտրութիւնը յաւելեալ ճանաչումն է Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի արդիւնաբեր գործունէութեան:
Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի Խմբագրութիւնը կը շնորհաւորէ իր ամէնաբեղուն աշխատակիցին ու վաստակաւոր գիտնականին այս արժանի ընտրութիւնը, անոր կը մաղթէ իր գիտակրթական գործունէութեան յարատեւութիւն եւ առատ բերքատուութիւն՝ Հայկական Հարցի իր ուսումնասիրութիւններու դաշտին մէջ:
Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի Խմբագրութիւն