Հինգշաբթի 25 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 5:օօ-ին Ս. Ծննդեան տօնին առիթով ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ՝ Վարչութեան ատենապետ Միքայէլ Վայէճեանին շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան – Ժէաթաուի, Պէյրութ:
Պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին ընկերներ Սեւակ Յակոբեան, Տոքթ. Յակոբ Փափազեան եւ Տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան ընդունուեցան Արժանապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս-Պատրիարքին կողմէ, որ Ս. Ծննդեան իր օրհնութիւնները փոխանցեց պատուիրակութեան մաղթելով, որ Ս. Ծննդեան խորհուրդը եւ Նոր Տարին բարեբեր օրեր պարգեւէ ՌԱԿ-ին եւ Հայ Ժողովուրդին ընդհանրապէս, ինչպէս նաեւ ապահովութիւն ու խաղաղութիւն Լիբանանին եւ համայն աշխարհին:
Մամլոյ Դիւան ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան