Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

ՌԱԿ Շուշան-Վարդենի Ակումբը Տօնեց «Կաղանդ Պապուկ»-ի Աւանդական Ձեռնարկը

Միշտ հաւատարիմ տարիներու իր գեղեցիկ աւանդութեան՝ Հինգշաբթի 25 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, ՌԱԿ Շուշան-Վարդենի Ակումբը կազմակերպեց իր «Կաղանդ Պապուկ»-ի ձեռնարկը Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» սրահին մէջ:

Բծախնդրութեամբ պատրաստուած այս ձեռնարկին ներկայ եղան աւելի քան 250 փոքրիկներ իրենց ծնողներով մէկտեղ: Փոքրիկներու յատուկ այս ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ մեծ մայրեր եւ մեծ հայրեր, որոնք  եկած էին մասնակից ըլլալու իրենց սիրեցեալներու ուրախութեան: Այս ձեռնարկին յատկանշական երեւոյթներէն էր նաեւ, մեծ թիւով ոչ-քրիստոնեայ փոքրիկներու ու ծնողներու ներկայութիւնը՝ միասնաբար տօնելու Քրիստոսի Ծնունդն ու Կաղանդը՝ բան մը, որ Լիբանանի ամէնագեղեցիկ յատկանիշերէն մէկն է ու ցոյց կու տայ համակեցութեան բարձր ոգի:

ՌԱԿ Շուշան-Վարդենի Ակումբի ժրաջան ատենապետուհի՝ ընկերուհի Մակի Մարկոսեանի բացման խօսքէն ետք (խօսքը տեսնել վարը) փոքրիկները խաղցան, երգեցին ու պարեցին «Բարեւ Փոքրիկներ» խումբին ընկերակցութեամբ ու ճաշակեցին համադամ ուտելիքներ:

Ձեռնարկին ուրախ վարկեանները իրենց գագաթնակէտին հասան Կաղանդ Պապուկի ժամանումով, որ իր նուէրները բաժնեց բոլոր փոքրիկներուն:

Կատարուեցաւ վիճակահանութիւն եւ սրտափուխ նուիրատուութիւններ:

Ձեռնարկին աւարտին բոլորը իրենց տուները վերադարձան ամէնաուրախ տրամադրութեամբ:

Վարձքը կատար ՌԱԿ Շուշան-Վարդենի Ակումբի անձնազոհ բոլոր վարչականուհիներուն ու անդամներուն, որոնք ջանք չէին խնայած յաջողցնելու այս գեղեցիկ ձեռնարկը:

«ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»

For Facebook users, Click on the link below to watch the complete photo album of the event:

[divide icon_position=»left» width=»short»]

Ընկերուհի Մակի Մարկոսեանի Խօսքը՝

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի մեծայարգ ատենապետ ընկեր Յակոբ եւ ազնուափայլ տիկին Անի Գասարճեաններ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան մեծայարգ ատենապետ ընկեր Միքայէլ եւ ազնուափայլ տիկին Դալար Վայէճեաններ, մեծայարգ կուսակցական եւ միութենական պատասխանատու ընկեր ընկերուհիներ, ազնուափայլ գործակից ընկերուհիներ, ՌԱԿ Շուշանիկ Վարդենի ակումբի յարգելի բարեկամուհիներ ու ծնողներ եւ շատ սիրելի փոքրիկներ:

Բարի եկած էք բոլորդ այս գեղեցիկ օրը միասնաբար տօնակատարելու: Մեր սիրելի փոքրիկներուն նուիրուած մեր ակումբի աւանդական այս ձեռնարկը փաստ մըն է, թէ մենք կը հաւատանք նոր սերունդին, որուն միջոցաւ ՝ ապագային: Այսօրուայ փոքրիկները, որ մեր զաւակներն ու թոռնիկներն են, հասակ առնելով պիտի մեծնան ու շարունակեն կեանքը այս գեղեցիկ մոլորակին վրայ մեզմէ ժառանգելով եւ շարունակելով մարդկային քաղաքակրթութիւնը, հակառակ մեր չորս կողմ կատարուող անմարդկային երեւոյթներուն, որոնք մենք կը հաւատանք, որ անցողակի են եւ շուտով բարին դարձեալ կը յաղթէ չարին ինչպէս խաղաղութեան իշխան՝ Յիսուս Քրիստոս իր ծնունդով, կեանքով եւ յարութեամբ յաղթեց չարին ու մահուան:

Նոր տարին միշտ նոր յոյս կը ներշնչէ մեզ սիրելիներ, եւ նման առիթներ մեր փոքրիկներով մէկտեղ հաւաքուած միասնաբար դիմաւորելն ու տօնելը գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է, որ սիրելիները քով քովի կը բերէ եւ հոգիներուն ուրախութիւն կը պատճառէ: Իսկ առասպելական ծեռունին՝ բարի կաղանդ պապան իր ներկայութեամբ եւ նուէրներով մեր ուրախութիւնը կը հասցնէ իր գագաթնակէտին ինչ տարիքի ալ պատկանինք եւ ինչ տրամդրութեան մէջ ալ գտնուինք:

أيها الاهل الكريم واطفال الاحباء، اهلا وسهلا بكم في بيتنا للاحتفال بالعيد سويا واستقبال العام الجديد بمحبّة وامل. العيد هو يوم سرور وفرح وزينة، يحب الله ان تظهر فيه اثر نعمه على عباده، بلبس الجديد من الثياب، وتناول الطيّب.

فالعيد في معناه الديني شكر لله على تمام العبادة، لا يقولها المؤمن بلسانه فحسب، ولكنها تعتلج في سرائره رضا واطمئنانا ، وتنبلج قي علانيته فرحا وابتهاجا، وتسفر بين نفوس المؤمنين بالبشر والأنس والطلاقة، وتمسح ما بين الفقراء والأغنياء من جفوة .
والعيد في معناه الإنساني يوم تلتقي فيه قوّة الغني، وضعف الفقير على محبه ورحمة وعدالة من وحي السماء.

والعيد في معناه النفسي حد فاصل بين تقييد تخضع له النفس وبين أنطلاق والانفتاح.
والعيد في معناه الزمني قطعة من الزمن خصصت لنسيان الهموم، واطراح الكلف، واستجمام القوى الجاهدة في الحياة . 
والعيد في معناه الإجتماعي يوم الأطفال يفيض عليهم بالفرح والمرح، ويوم الققراء يلقاهم باليسر والسعة، ويوم الأرحام يجمعها على البر والصلة، ويوم يجمع الناس على التسامح والتزاور، ويوم الأصدقاء يجدد فيهم أواصر الحب ودواعي القرب، ويوم النفوس الكريمة تتناسى أضغانها، فتجتمع بعد إفتراق، وتتصافى بعد كدر، وتتصافح بعد انقباض . 
وفي هذا كله تجديد للرابطة الاجتماعية على أقوى ما تكون من الحب، والوفاء، والإخاء. فلا تشرق شمس العيد إلا والبسمة تعلو كل شفاه، والبهجة تغمر كل قلب.

Շնորհակալութիւն այն բոլորին, որ այս ձեռնարկին կազմակերպումն ու յաջողութիւնը իրականութիւն դարձուցին: Շնորհակալութիւն մեր բոլոր նուիրատուներու անհատներուն ու հաստատութիւններուն:

Շնորհակալութիւն ձեր ներկայութեան: Բարի եկած էք ձեր տունը՝ Թէքէեան Կեդրոն: Թող Նոր Տարին բարի եւ խաղաղ տարի մը ըլլայ բոլորիս համար:

Բարի վայելում:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին