Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Պէյրութի «Կռունկ» երգչախումբի սուրբ Ծննդեան համերգը

Կազմակերպութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, կիրակի, 21 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան համերգ` կատարողութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Կռունկ» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ դոկտոր Եդուարդ Թորիկեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ժան Փիեռ Աստիկեանի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դալար Աթէշեան: Ան հաստատեց, որ Քրիստոսի ծնունդը գործնական սէր է, յատկապէս երբ կը նուիրուինք բարի գործեր կատարելու համեստ ու պարզ հոգիով: Ան նկատել տուաւ, որ շարականները հզօր կապ մը կը հիւսեն երկինքի եւ երկրի միջեւ` աւելցնելով, որ սոյն ելոյթը նաեւ խորհրդածութեան եւ աղօթքի պահ մը պիտի ըլլայ:

Այնուհետեւ «Կռունկ» երգչախումբը ներդաշնակ երգեցողութեամբ մեկնաբանեց սուրբ Ծննդեան շարականներու փունջ մը` նաեւ զանազան լեզուներով. «Խորհուրդ մեծ», «Ով զարմանալի», «Սուրբ Ծնունդ», «Երգ Նոր տարուան», «Քրիստոս ծնաւ», «Կլորիա», «Ճինկըլ պելզ» եւ այլն: Երգչախումբին մերթ ընդ մերթ ջութակով ընկերացաւ Ռիթա Աստիկեան, ինչպէս նաեւ տհոլի վրայ` Նազելի Չիթճեան:

Աւարտին, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Պերճ Սապէ սրտի խօսք ուղղելով մեծապէս գնահատեց երգչախումբի կատարումը` հաստատելով, որ ներկայացուած համերգին շնորհիւ կրցանք զգալ եւ ապրիլ Ծնունդի մթնոլորտը:

www.armeniancatholic.org

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին