Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Ծննդեան եւ Նոր Տարուան տօնական առիթով քահանայից հանդիպում Հայ Կաթողիկէ Հոգեւոր Տիրոջ շուրջ

Արհիապատիւ Պաթագեան Եպիսկոպոսին եւ Գերյարգելի Հայր Անդրանիկ Կռանեան
Արհիապատիւ Պաթագեան Եպիսկոպոսին եւ Գերյարգելի Հայր Անդրանիկ Կռանեան

Շաբաթ 20 դեկտեմբեր 2014, կէսօրին, Սուրբ Ծննդեան եւ Նոր Տարուան տօներուն առթիւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ շուրջ համախմբուեցան պատրիարքական թեմին բոլոր քահանաները, եւ ասիկա առիթ մը եղաւ նշելու արհիապատիւ Պաթագեան եպիսկոպոսին եւ գերյարգելի Անդրանիկ Կռանեանին քահանայական ձեռնադրութեան 60 ամեակը  կարկանդակի հատումով:

Նախքան ագապը տեղի ունեցաւ ճաշու ժամերգութիւն, որուն ընթացքին գերապայծառ Պաթագեան փոխանցեց իր խորհրդածութիւնները:

Յաւարտ ժամերգութեան տեղի ունեցաւ քահանայից ժողով ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ նախագահութեամբ:

Ժողովի ընթացքին արծարծուեցան թեմը յուզող զանազան հարցեր եւ ներկայացուեցաւ 2015 տարուան պատի օրացոյցը, որ պատրաստուած է Պուրճ Համմուտի աղքատախնամին կողմէն: Ժողովրդապետ հայր Պերճ վրդ Սապէ եւ հայր Ղազար վրդ Պետրոսեան Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուցին օրացոյցին առաջին օրինակը, որմէ ետք բոլորը անցան սեղանատուն, մասնակցելու համար Սուրբ Ծննդեան եւ Նոր Տարուան առիթներով ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հրաւէրով սարքուած ագապին:

www.armeniancatholic.org

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին