Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Աշխատանքային Այցը Յունաստանի Հանրապետութիւն

Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Դեկտեմբեր 18-20 աշխատանքային այցով մեկնած էր Յունաստանի Հանրապետութիւն:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի գրասենեակին տեղեկութիւններով՝ Նախարարը հանդիպումներ ունեցած է համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Այցելած է Սուրբ Թէրէզա, Սուրբ Կարապետ, Սուրբ Յակոբ, ինչպէս նաեւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներ, «Լեւոն եւ Սոֆի Յակոբեան», «ճէնազեան», «Գալփաքեան» եւ «Զաւարեան» վարժարաններ, աշակերտներուն եւ մանկավարժներուն հետ քննարկած հայկական դպրոցներու հիմնախնդիրներուն վերաբերող հարցեր:

Դեկտեմբեր 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարը  Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեանի ուղեկցութեամբ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին մէջ հանդիպած է կոմիտէի ներկայացուցիչներուն: Անոնք ՀՀ սփիւռքի նախարարին ներկայացուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման գործին մէջ համայնքէն ներս տարուող աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռարկներու իրականացման ընթացքը:

Խօսուած է յունահայ համայնքի ներկայ խնդիրներու, համայնքէն ներս գործող կառոյցներու եւ ազգային, քաղաքական, լրատուական, բարեսիրական, մշակութային եւ մարմնակրթական ոլորտներուն մէջ անոնց ծաւալած աշխատանքներուն մասին:

Դեկտեմբեր 19-ին Հրանոյշ Յակոբեան Նոր Զմիւռնիոյ «Լէոնտիօ» վարժարանի ամֆիթատրոնին մէջ մասնակցած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան շրջանային վարչութեան, ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ արհեստավարժներու համագործակցութեամբ կազմակերպուած Հայաստանի երգի պետական թատրոնի «Կոմիտաս. եկել եմ» երաժշտական ներկայացման:

Ողջունելով լեփ-լեցուն դահլիճին մէջ հաւաքուած հայ հանդիսատեսն ու ձեռնարկի մասնակիցները` ՀՀ սփիւռքի նախարարը ըսած է. «Այս տարի ազգովի նշեցինք Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 145-ամեակը: Մենք ծանօթ ենք Կոմիտասի ստեղծագործութիւններին քառաձայն երգչախմբերի կատարմամբ: Սակայն այսօր բոլորովին այլ Կոմիտաս պիտի ունկնդրենք: Կոմիտասը կարող է նաեւ ժամանակակից եւ մաքուր, երիտասարդների սրտից խօսող հնչեղութիւն ունենալ»:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը անդրադարձած է Սփիւռքի մարտահրաւէրներուն, նշած, որ հայ մշակոյթի եւ մշակութային մեր ինքնութեան պահպանումն ու զարգացումը, ինչպէս նաեւ ազգային միասնութիւնն ու մեր համազգային արժէքներու գերակայութիւնը կ’իմաստաւորուին հէնց այսօրինակ նախաձեռնութիւններով:

ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ Արթուր Գրիգորեանի բեմականացմամբ, երգիչներ  Ռուսլան Էլէազեանի, Անոյշ Պատալեանի, Գրիգոր Կէոկչեանի, Միլենա Մելիքեանի եւ Նարէ Գրիգորեանի կատարմամբ ներկայացուած են Կոմիտաս Վարդապետի քսանմէկ ստեղծագործութիւններ:

Աթէնքի հայ համայնքի ներկայացուցիչները հաւաստիացուցած են, որ Երգի պետական թատրոնի ներկայացումը եզակի առիթ էր` ներկայացնելու կոմիտասեան երգերու գեղեցիկ համադրութիւն` ճազային եւ դասական մշակումներով:

«Ազատ օր» հայկական օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն  յայտնած է ՀՀ սփիւռքի նախարարին` ձեռնարկի կազմակերպման եւ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններով հայրենիք-սփիւռք գործակցութիւնը խթանելու համար: Ան նշած է, որ մշակութային առիթները աւելի կը զօրացնեն Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան ուղղուած ջանքերը:

Դեկտեմբեր 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարը ՀՀ դեսպանութեան մէջ հանդիպումներ  ունեցած է ՌԱԿ Յունաստանի շրջանային վարչութեան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի յանձնախումբի, Յունահայկական առեւտրաարդիւնաբերական պալատի եւ «Հայաստան» հասարակական մշակութային կեդրոնի ներկայացուցիչներուն հետ:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, բարձր գնահատելով համայնքին մէջ կատարած հայապահպանական գործունէութիւնը, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալով  պարգեւատրած է յունահայ բժիշկ, յունահայոց ազգային վարչութեան նախկին ատենապետ դոկտոր Արմէն Տէրեանը:

Այցի ծիրէն ներս նախարարը հարցազրոյցներ  տուած է «Ազատ օր», «Նոր աշխարհ», «Հայաստան» եւ «Արմէնիկա»  պարբերականներուն:

Դեկտեմբեր 20-ին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մեկնած է Կիպրոսի Հանրապետութիւն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին