Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Հայաստանի Գրաւչութիւնը Ներկայացնող CNN-ի Տեսանիւթը Արդէն Համացանցի Վրայ Է

Ամերիկեան յայտնի CNN հեռուստաընկերութիւնը On The Road ծրագրի ծիրէն ներս յատուկ թողարկում մը նուիրած է Հայաստանին. 22 վայրկեան տեւող Տեսանիւթը արդէն համացանցի վրայ է եւ հասանելի է աւելի լայն զանգուածներու: Ինչպէս կը հաղորդէ “Արմէնփրես”-ը, հեղինակները ներկայացուցած են հայաստանեան երիտասարդ սերունդը` անոնց հետաքրքրութիւններն ու գործունէութիւնը, Հայաստանի շատ տեսարժան վայրեր ու անոնց առանձնայատկութիւնները:

Հաղորդման ծիրէն ներս յատուկ անդրադարձ կը կատարուի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտական կեդրոնին: Կ՛ընդգծուի, որ այսօր այստեղ կարելի է հանդիպիլ հայ ստեղծարար երիտասարդներու նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն, որոնք “տաղանդաւոր եւ տենչող են”:

Տեսանիւթին մէջ կը խօսուի ճատրակի նկատմամբ հայերու ունեցած սիրոյ մասին` չմոռնալով ընդգծել այն հանգամանքը, որ այսօր ճատրակը դարձած է պարտադիր նիւթ հայաստանեան դպրոցներու մէջ:

Տեսանիւթի հեղինակները կը պատմեն, որ Հայաստանի ոգին հասկանալու համար պէտք է նախ եւ առաջ այցելել Երեւանի մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրը: “Հազարաւոր մարդոց հաւաքական յիշողութիւնը կեդրոնացած է նոնյ այստեղ` այս սարսափելի իրադարձութեան շուրջը, որ կը յիշատակէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան կանգուն յիշեցնումն է հայկական երկարատեւ պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած ցնցումային խզման, երբ մէկ ու կէս միլիոն հայ քրիստոնեաներ, որոնք կը բնակուէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ, կոտորուեցան”,- կը պատմէ տեսանիւթը:

Որպէս դարեր շարունակ հայերը համախմբող կարեւոր ուժ կը ներկայացուի հայկական եկեղեցին: “Հայաստանը առաջին ազգն էր, որ քրիստոնէութիւնը ճանչցաւ որպէս պետական կրօն 301 թուականին”,֊ կը նշեն հեղինակները` պատմելով Հայաստանի տարածքին այսօր գործող անհաւանական վանքերու ու եկեղեցիներու մասին, որոնք հզօր կապ կը ստեղծեն անցեալի հետ: Կը ներկայացուի Գեղարդի վանական համալիրը, Գառնիի հեթանոսական տաճարը:

Անդրադառնալով հայկական սփիւռքի գոյութեան՝ հեղինակները կը պատմեն, որ թէեւ աշխարհի տարածքին բնակող 10 միլիոն հայերէն միայն 3 միլիոնն են, որ Հայաստանի մէջ են, այդուհանդերձ, վերջին տարիներու ընթացքին սփիւռքահայ երիտասարդներէն շատերը սկսած են վերադառնալ եւ գործունէութիւն ծաւալել հայրենիքի մէջ:

Հաղորդման եզրափակիչ հատուածին մէջ հեղինակները կը նշեն, որ Հայաստանով ամբողջ ճանապարհորդութեան ընթացքին իրենք հանդիպեցան հայերու նոր սերունդի ներկայացուցիչներու, որոնք ցոյց տուին, որ պատրաստ են շարժուիլ իրենց ծնողներու անցեալէն առաջ եւ ընդունիլ ապագան առանց սահմաններու: “Ամենայիշարժան պահը այդ ընթաքին երբ մենք Հայաստան էինք, այն էր, որ բոլոր մարդիկ` թէ’ երիտասարդ, թէ’ ծեր, պատրաստ էին բացնալ իրենց սրտերը եւ մեզի հետ կիսել իրենց հայրենիքը”,֊ կ՛եզրափակեն հաղորդման հեղինակները:

www.armenpress.am

https://youtu.be/SaZCeNRVfI0

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին