Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

Պարգեւէ՛ Ուրախ Ամանոր

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի նախաձեռնութեամբ եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան հետ համագործակցութեամբ, կ’իրականացնէ իւրայատուկ ծրագիր` «Պարգեւէ’ ուրախ Ամանոր» խորագիրով:

Ինչպէս կը հաղորդէ Hayernaysor.am-ը՝ ծրագրի առաջին` «100 յայտնիները` սուրիահայ 100 երեխաներու համար» փուլին ծիրէն ներս 100 յայտնի հայեր Հայաստանի մարզերուն  եւ Երեւանի արուարձաններուն մէջ բնակութիւն հաստատած 100 սուրիահայ, ինչպէս նաեւ ուքրանահայ երեխաներուն համար պատրաստած են «100» խորհրդանշական թիւով ամանորեայ անուանական նուէրներ :

Ծրագրի առաջին փուլի տօնական ձեռնարկին աջակիցն է «Ջամբօ» էկզոտիկ փարկ-ռեստորանը, որ պիտի կազմակերպէ ամանորեայ ձեռնարկ` հիւրընկալելով երեխաները եւ ծրագրի մասնակից յայտնիները: Հաշուի առնելով հասարակութեան մեծ հետաքրքրութիւնը ծրագիրին հանդէպ եւ երեխաներու մեծ թիւը` որոշուած է իրականացնել երկրորդ փուլ` եւս 100 սուրիահայ եւ իրաքահայ երեխաներու համար, այս անգամ իբրեւ նուիրատուներ ընդգրկելով համահայկական եւ միջազգային կառոյցները, հասարակական կազմակերպութիւններն ու հայաստանեան ձեռնարկութիւնները, ինչպէս նաեւ անհատ բարերարներ: Երկրորդ փուլի ամանորեայ ձեռնարկը պիտի կայանայ «Փլէյ-Սիթի» զուարճանքներու կեդրոնին մէջ:

Ծրագրի մէկ փուլն ալ պիտի իրականացուի Արարատ մարզի Դարբնիկ գիւղին մէջ բնակող սուրիահայ եւ իրաքահայ ընտանիքներու երեխաներուն համար:

www.Hayernaysor.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին