Հայաստանի կառավարութեան 7 անդամներ այսօր Թեհրան մեկնեցան` հայ-իրանական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին մասնակցելու նպատակով:
Ինչպէս կը հաղորդէ “Մեդիամաքս”-ը՝ վկայակոչելով իրանական Tasnim գործակալութիւնը, նիստին պիտի մասնակցին Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու, ելեւմուտքի, փոխադրամիջոցներու, արտաքին գործոց, գիւղատնտեսութեան, քաղաքաշինութեան, առողջապահութեան նախարարները:
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբերին Թեհրան այցելած էր Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: