Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Խաչքարի Օծում Ֆրանսայի Լուսինեան Քաղաքին Մէջ

Ֆրանսայի Փուատիէ նահանգի Լուսինեան քաղաքին մէջ Դեկտեմբեր 13–ին տեղի ունեցաւ Հայոց վերջին թագաւոր Լեւոն V-ի (հայկական պատմագրութեան մէջ կը յիշատակուի նաեւ իբրեւ Լեւոն VI), Ֆրանսայի ազատութեան հանար ինկած մարտիկներու  եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի հանդիսաւոր բացման եւ օծման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիթեչեան: Հանդիսութեան կը մասնակցէին Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ժան–Միշէլ Կլէման, Փուատիէի նահանգային խորհուրդի նախագահ Քլոտ Պերթոն, Լուսինեանի քաղաքաքապետ Ռենէ Ժիբոն, Ֆրանսայէն ու յարակից երկիրներէն ժամանած հարիւրաւոր հայեր, հիւրեր: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան գրասենեակը:

Հայկական տուֆէ քանդակուած խաչքարը տեղադրուեցաւ Լուսինեանի քաղաքապետարանի, «Արարատ» ընկերակցութեան, «ֆրանսահայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադիրներու միութեան» եւ Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող յանձնաժողովի համատեղ ջանքերով, իսկ օծման կարգը կատարուեցաւ Նորվան արքեպիսկոպոս Զաքարեանի կողմէ, աղօթեց նաեւ Եւրասիայի Հայ Աւետարանչական եկեղեցիներու միութեան նախագահ Վերապատուելի դոկտոր Ռենէ Լեւոնեան: Այնուհետեւ ծաղկեպսակ դրուեցաւ խաչքարին մօտ:

Իրենց ողջոյնի խօսքին մէջ Ժան–Միշէլ Կլեման եւ Քլոտ Պերթոն բարձր գնահատեցին հայ համայնքին դերը Ֆրանսայի կեանքին մէջ, հայ–ֆրանսական բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ: Քաղաքապետ Ռենէ Ժիբոն նշեց, որ Լուսինեան հայկական արմատներով ֆրանսական քաղաք է, ուր այցելող հայերը այսուհետ  պէտք է զգան ինչպէս իրենց տան մէջ:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, բարձր գնահատելով եւ խորհրդանշական համարելով խաչքարի տեղադրումը Ցեղասպանութեան 100–րդ տարելիցի նախաշեմին, նշեց,- «Պահը պատմական է, բարոյական է, քաղաքական է եւ ազգային է: Քաղաքի այցելուին Խաչքարը կը յիշեցնի հինգ կարեւոր փաստ` այն, որ հայերը հազարամեակների պատմութիւն ու Կիլիկեան թագաւորութիւն են ունեցել, մեր Կիլիկիայի վերջին թագաւորը Լեւոն V-ն է, ով իր վերջին հանգրուանն է գտել Ֆրանսիայում, խաչքարը նուիրուած է նաեւ Ֆրանսիայի ազատագրման համար զոհուած հայ մարտիկներին, ովքեր խաղաղութիւն, ազատութիւն պարգեւեցին այս հրաշալի երկրին, այն մարմնաւորում է հայ–ֆրանսիական դարաւոր բարեկամութիւնը եւ, ի վերջոյ, Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերի յիշատակը: Ընդամէնը ամիսներ յետոյ առաջադէմ մարդկութեան հետ մենք ոգեկոչելու ենք Հայոց ցեղասպանութեան 100–րդ տարելիցը եւ յայտարարելու ենք` «Յիշում եմ եւ պահանջում»: Թուրքը պէտք է իմանայ, որ մենք չենք լռելու, մենք պահանջելու ենք, որ ճանաչի հայ ժողովրդի եւ մարդկութեան դէմ գործած իր աննախադէպ ոճրագործութիւնը, փոխհատուցի եւ հետեւանքները վերացնի»:

Խաչքարի տեղադրման օժանդակելուն եւ հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած աւանդի համար ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրներով ու շնորհակալագիրներով պարգեւատրուեցան Անտրէ Վալոտան, Անթուան Պաղտիկեան, Լիտիա Կայմակեան, Դանիէլ Արթինեան, Երուանդ Պերպերեան եւ Ֆրետերիք Ֆրինգեան:

Նախարարը այցելեց քաղաքի թանգարանին մէջ բացուած «Լուսինեանները եւ Հայաստանը» ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած էր Լուսինեան թագաւորական տոհմի ամբողջ պատմութիւնը: Սփիւռքի նախարարը եղաւ նաեւ Ֆրանսայի ազատագրման համար մարտնչած հայ ռազմիկներուն նուիրուած ցուցահանդէսին:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Լեւոն V-ին նուիրուած համաժողով, ուր Քլոտ Մութաֆեան հանդէս եկաւ «Լուսինեանները եւ Հայաստանը 13-14րդ դարերուն» թեմայով զեկուցումով` հանգամանալից ներկայացնելով Կիլիկեան Հայաստանի պատմութիւնը: Համաժողովին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հրանոյշ Յակոբեան եւ բանախօսին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարաութեան «Մայրենիի Դեսպան» մետալով` Հայագիտութեան ոլորտին մէջ իր բերած նպաստին, Հայոց լեզուի ու պատմութեան հանրահռչակման ու հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդի համար:

Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ընդունելութիւն Լուսինեանի քաղաքապետ Ռենէ Ժիբոյի անունէն, որուն ներկայ էին շուրջ 250 հայեր: Ազգային եւ ժողովրդական պարերու կատարումներով հանդէս եկաւ Փուատիէ քաղաքի հայկական պարախումբը: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Լուսինեանի քաղաքապետին քաղաքի կեդրոնին մէջ հիանալի տարածքի տրամադրման ու օժանդակութեան համար եւ բարձր գնահատելով անոր հայանպաստ գործունէութիւնը` պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալով: Հ.Յակոբեան նաեւ առաջարկեց Լուսինեան քաղաքը քոյրացնել Հայաստանի որեւէ քաղաքի հետ, որ քաղաքապետը ընդունեց մեծ ոգեւորութեամբ:

Կիրակի առաւօտեան նախարար Յակոբեան եւ դեսպան Չիթեչեան այցելեցին քաղաքի Մայր տաճար, որ կառուցուած է 1024թ–ին Լուսինեան տոհմին կողմէ, ուր հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, Ֆրանսայի ազատագրման համար ինկած ռազմիկներուն, Արցախի հերոսամարտի ժամանակ զոհուածներուն:

Նախարարը հանդիպումներ ունեցաւ Թուլուզի, Պորտոյի, Փարիզի, Փուատիէի, ինչպէս նաեւ Հոլանտայէն ժամանած հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ. քննարկուեցան համայնքներուն մէջ կատարուած աշխատանքները, ձեռքբերումները եւ ապագայ ընելիքները, բարձրացուեցան նաեւ լուծում պահանջող շարք մը հարցեր, որոնց լուծման համար նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակութիւն կազմակերպել:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին