Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

Այսօր Սպիտակի Երկրաշարժի Տարելիցին՝ Պէտք Է Հիմնական Դասեր Քաղել 26 Տարիներ Առաջ Պատահած Մեծ Ողբերգութենէն

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Author Pic

Պատմութեան մէջ այսօր՝ 7 Դեկտեմբեր 1988-ին Հայաստանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ տեղի ունեցաւ աւերիչ երկրաշարժ մը, որ յետագային կոչուեցաւ Սպիտակի երկրաշարժ: Երկրաշարժի հետևանքով զանգուածային վնասներու և փլուզումներու ենթարկուցան հազարաւոր շինութիւններ: Աղիտալի այս երկրաշարժը տասնեակ հազարաւոր հայորդիներու նահատակման պատճառ դարձաւ:

Սպիտակի երկրաշարժին նման աւերիչ ուժ ունեցող երկրաշարժեր երկրագունդին վրայ, միջին հաշուով, տարեկան 15-20 հատ կը պատահի, ոչ անպայման խլելով նոյնքան զոհեր կամ գործելով միեւնոյն աւերը: Տեղական ժամով 11:41-ին պատահած երկրաշարժը ընդգրկեց Հայաստանի տարածքի մօտ 40%-ը, ուր կ՛ապրէին 1մլն. մարդ: Երկրաշարժը վնասներ պատճառեց 21 քաղաքներու և շրջաններու ու 342 գիւղի: Անօթեւան մնացին 514 հազար մարդ: Տարբեր աստիճաններով վիրաւորուեցան 20000 հոգի, մինչ զոհուածներուն թիւը հասաւ 25000-ի: Ամէնաշատ զոհերը տուաւ Կիւմրին (15-17 հազար)  ապա  Սպիտակը (4 հազար):

Մեծ վնասներու ենթարկուեցան ճարտարապետական եւ պատմական կառոյցներ, արուեստի յուշարձաններ, եւ  917 կրթարան:

sbidag 3

Անսպասելի աղէտը յանկարծակիի բերաւ ծայրահեղ իրավիճակներու մէջ գործելու կոչուած կազմակերպութիւններ և ծառայութիւններ: Կազմակերպուած փրկարարական աշխատանքներ հունի մէջ մտան աղէտէն 2-3 օր ետք: Երկրաշարժի առաջին վարկեաններէն անձնուրացօրէն  աշխատեցան տեղուոյն  ազգաբնակչությունը: Սակայն անոնց փորձի և շատ յաճախ ծայրահեղ իրավիճակներու մէջ գործելու տարրական գիտելիքներու պակասը բացասաբար անդրադառցան փրկարարական աշխատանքներու արդիւնաւետութեան վրայ, երբեմն պատճառ դառնալով անտեղի զոհերու: Խիստ

Տեղւոյն ազգաբնակչութեան և փրկարարներու ջանքերով փլատակներու տակէն, զոհուած կամ կենդանի, հանուեցան աւելի քան 45000 մարդ:

Վնասներու անհամեմատ մեծութեան հիմնական պատճառներէն կարելի է համարել հետեւեալները`

  1. Հանրապետութեան մէջ դերգնահատուած էր տարածաշրջանին մէջ ուժգին երկրաշարժի մը վտանգի հաւանականութիւնը:
  2. Աղէտի հետևանքները ուսումնասիրող կառավարական յատուկ յանձնաժողովը յայտնաբերեց, որ որոշակի սխալներ բաց թողուած էին շէնքերու եւ կառոյցներու նախագծման ժամանակ: Այսինքն` խախտուած էին ապահով շինարարութեան տարրական չափանիշերն ու կանոնները:
  3. Տեղւոյն շինարարութիւնը աններելիօրէն անորակ էր:
  4. Փրկարարական աշխատանքներու ձգձգումն ու ոչ ժամանակին կազմակերպումը պատճառ հանդիսացաւ համեմատաբար մեծ թիւով զոհերու:
  5. Նման աղէտներու պարագային բնակչութիւնը համապատասխան հմտութիւններու եւ պատրաստուածութեան պակասը ունէր:

sbidag 2

Վերոյիշեալները նշելու նպատակը այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան պետութեան եւ քաղաքացիներուն մօտ զգոնութիւն արթնցնել է: Պէտք է, թէեւ ուշացած, հիմնական դասեր քաղել 26 տարիներ առաջ պատահած մեծ ողբերգութենէն, քանի որ պատահած սխալները անհաշիւ էին, իսկ սխալներու պատասխանատուներուն յանցանքը՝ աններելի:

Որպէս վերջաբան, եւ առանց մեկնաբանութեան, նպատակայարմար կը գտնեմ  յիշելու ԱՄՆ Միչիկընի Համալսարանի պատմութեան դասախօս Դոկտ. Արա Սանճեանի «Facebook»-եան իր էջին այսօրուայ գրառումը. «Այսօր 1988 թուականի Հայաստանի աղէտաբեր երկրաշարժի 26-րդ տարելիցն է։ Միայն Գիւմրիի մէջ տակաւին շուրջ 4000 անօթեւան ընտանիք կայ։ Անոնք տակաւին ստիպուած են բնակիլ տխրահռչակ «տոմիկ»-ներու մէջ։ Խնդրեմ այս տուեալը մատնացոյց ըրէ՛ք բոլոր այն սփիւռքահայ զբօսաշրջիկներուն, որոնք միայն Երեւանի կեդրոնի մի քանի պանդոկներով (հիւրանոց), ճաշարաններով ու վաճառատուներով կը դատեն մերօրեայ Հայաստանին մասին ու «հիացած» կը վերադառնան։ Երկրաշարժի շատ աղէտեալներ առ այսօր լքուած կը մնան ո՛չ միայն Երեւանի իշխանաւորներուն, այլեւ սփիւռքահայ ղեկավարներուն կողմէ»։

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին