Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Ընդառաջ ՔՐՏԱԹՐՔԱԿԱՆ ՀԱԿԱՀԱՅ ՔԱՐՈԶՉԱԽԵՂԱԹՒՐՈՒՄ

*ՅՈՎՍԷՓ ԱՐԹԻՆԵԱՆ*

Hovsep Artinian

Այս վերնագիրը զգայացունց է եւ յախուռն, բայց ներկայացուող նիւթը իր պարունակէն շատ աւելի մեծ է ու խորը` պատմագիտութեան անուան տակ հակահայկական քաղաքական գցուց հաշիւներ հետապնդող, հետեւաբար միայն այսպէս կրնար ըլլալ մօտեցումը հայ-քրտական յարաբերութեանց զգայուն եւ արդէն մեր ազգային շահերուն  համար վտանգաւոր դարձող իրավիճակին, որուն տակ յստակօրէն թաքնուած է թրքական պետական գազազած բայց խորամանկ մեքենայութիւնը:

Վերջերս Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ Իրաքեան Քիւրտիստանէն դոկտ. Հոքար Թահըր Թաուֆիքի «Քիւրտերը Եւ Հայկական Հարցը 1877-1920» արաբալեզու 822 էջնոց աշխատութիւնը, «Տար էլ Ֆարապի» հրատարակչատունէն, որ Լիբանանի Համայնավար Կուսակցութեան հովանաւորութիւնը ունի:

Ըստ գիրքին վերջին կողքին վրայ տրուած տուեալներուն, հեղինակը 1977ին ծնած է Իրաքեան Քիւրտիստանի Տահոք քաղաքը, իր ծննդավայրի համալսարանին գրականութեան բաժնի պատմութեան մասնաճիւղը աւարտած է 1999ին, իսկ Արպիլի Սալահէտտինի համալսարանէն քրտական արդի պատմութեան գծով մագիստրոսի աստիճանին տիրացած է 2004ին, ապա նոյն նիւթով դոկտորականի տիրացած է կրկին Տահոքի համալսարանէն 2012ին: Այժմ Զախոյի համալսարանի մարդասիրական բաժնի գրականութեան բաժանմունքին մէջ կ’աշխատի եւ իր մասնագիտական նիւթին շուրջ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ունի:

Առաջին հայեցքով ուշագրաւ եւ հետաքրքրական թուացող այս հրատարակութեան ծանօթանալով, դժբախտաբար ի դերեւ կ’ելլեն մեր մտածումները: Արդարեւ նոյն այդ կողքին վրայ, հեղինակին կենսագրականէն առաջ գիրքին մասին տրուած բացատրութեան մէջ կը կարդանք.»Այս գիրքը գիտական աշխատութիւն է արդի պատմութեան մէջ արտացոլուած այն ինչին, որ կը կոչուի Արեւելեան Հարց անուամբ, անոր ճանչցուած ճիւղերէն մէկուն մասին, որ Հայկական Հարցն է եւ որ ծագում առաւ օսմանեան պետութիւնը փոթորկած դէպքերու ընթացքին` 19րդ դարու վերջաւորութեան ու նոյնիսկ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմէն ետք: Այս գիրքը դոկտորական թէզն է հեղինակին, որ բացառիկ գնահատականով  2012ին ստացաւ»:

Ապա կը շարունակուի. «Քիւրտերու եւ հայերու յարաբերութիւնը կարեւորագոյն օղակներէն է Հայկական Հարցին եւ դժուար է հասկնալ այդ Հարցը, եթէ յստակ հայեացք չկայ քիւրտ-հայկական յարաբերութեանց շուրջ, որ կը բնորոշուի հայերու եւ քիւրտերու միջեւ պայքարով աշխարհագրական տարածքի մը համար, զոր հայերը Արեւմտեան Հայաստան կը կոչեն իսկ քիւրտերը զայն իրենց առաջին բնօրրանը կը նկատեն, որ Հիւսիսային Քիւրտիստանն է եւ այժմ ծանօթ է Թուրքիոյ Քիւրտիստան անուամբ»  /ընդգծումը ինծմէ, Յ.Ա./:

Յաջորդ պարբերութեամբ գիրքին բովանդակութեան մասին հակիրճ տեղեկութիւն մը տալէ ետք, թէ ան կ’ընդգրկէ Հայկական Հարցին ներքին եւ արտաքին երեսներն ու հայ-քրտական յարաբերութիւնները` անոր ծագումէն առաջ ու յետոյ մինչեւ 1920, որոնք ըստ իրեն շատ մանրամասնօրէն չեն ուսումնասիրուած նախապէս եւ որոնց համար առաջնակարգ աղբիւրներ օգտագործուած են… յաջորդ պարբերութեամբ կը տրուի այն հիմնական միտք բանին, որ երկրորդ բուն պատճառն է այս գիրքին լոյս ընծայման, ուր կ’ըսուի. «Այս գիրքին գլուխները լոյս կը սփռեն շատ կարեւոր կէտի մը վրայ որն է, թէ հայերը միակ զոհերը չէին այդ ժամանակ, այլ ինչ որ պատահեցաւ քիւրտերուն պակաս չէր հայոց տառապանքէն ու շատ անգամներ աւելիով էր, սակայն քրտական տառապանքները բոլորովին ծանօթ չեն հակառակ հայոց տառապանքներուն, որ այժմ կ«ուսուցանուի համաշխարհային հռչակաւոր համալսարաններու մէջ» /ընդգծումը ինծմէ, Յ.Ա./:

Ի դէպ գիրքին մասին տրուած այս բացատրութիւնները շրջուած նմանակումներ են, լիբանանցի պատմաբան Սալէհ Զահրէտտինի Երեւանի մէջ պաշտպանած դոկտորական թէզին` «Օսմանեան Կառավարութեան Քաղաքականութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի Մէջ եւ Մեծ Տէրութիւններու Դիրքորոշումը Հայկական Հարցին Մէջ /19րդ Դարու Վերջին Քառորդ- 20րդ Դարու Առաջին Քառորդ/» վերնագրով, արաբերէնով հրատարակութեան վերջին կողքին վրայ եղած բացատրութեան, որ լոյս տեսած էր Պէյրութի մէջ 1996ին եւ սուիններով դիմաւորուած այստեղի թրքական դոսպանատան կողմէ, մինչեւ հեղինակին ազդարարութիւն ուղղելու հասնելով, բայց ապարդիւն, որովհետեւ հեղինակին համամտութեամբ եւ յաւելումներով, կրկին արաբերէնով լոյս տեսած էր այս գործը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ 2010ին, թէեւ առանց վերջին կողքին վրայ եղող բացատրութեան:

Ի դէպ ուշագրաւ է նաեւ այս գիրքին ընդգրկած ժամանակաշրջանը, որ լիբանանցի պատմաբանին աշխատութեան նոյն ժամանակաշրջանն է, իսկ գիրքին նիւթերուն ներկայացման ձեւն ու հերթականութիւնն ալ Ս. Զահրէտտինի գիրքին նմանակումն է, անշուշտ շրջուած ձեւով եւ բազմաթիւ խեղաթիւրումներով:

Իբր թէ քիւրտ-հայկական առնչութիւնները քննարկող այս գիրքին հետապնդած պատմաշինական նպատակը` ի յայտ կու գայ անոր ներկայացման խօսքէն, ստորագրուած Տահոքի համալսարանէն դոկտ./ուհի/ Սուատ Հասան Ժաուատի կողմէ, ուր թրքական կեղծ պատմա»գիտականութեան» նմանակութեամբ` հաւասարեցում կը մտցուի հայոց եւ քիւրտերու «ազգային» ձգտումներուն միջեւ, հայոց ցոյց տալով արեւմտեան ուժերու` Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ դրդումով գործողներ եւ այդ հարցը այժմ ալ ըստ անհրաժեշտութեան` վերոնշեալ ու այլ ուժերու կողմէ ըստ ժամանակի քաղաքական պահանջին արծարծուելով օգտագործուելու համար:

Այնուհետեւ իր յառաջաբանին մէջ հեղինակը «կը հիմնաւորէ» իր թէզը, «գիտականօրէն» ցոյց տալով, որ այդ աշխարհագրական տարածքը Քիւրտիստան է, եւ թէ Հայկական Հարցին մասին հայերն ու թուրքերը ընդհանուրին մէջ իրենց խօսքը ըսած են եւ յատուկ նոր ըսելիք չկայ այդ գծով, բացի հաւանական որոշ մանրամասներէ…: Հասկցէք եւ եզրակացուցէք այս միտքին նպատակակէտը: Այս յառաջաբանին վերջաւորութեան հեղինակը շնորհակալութիւն կը յայտնէ վերոնշեալ դոկտ./ուհի/ին, որ յանձն առած է այս աշխատութեան ղեկավարումը եւ խումբ մը դոկտորներու /անունները նշուած են/, որոնք իրենց արժէքաւոր խորհուրդներով օժանդակած են այս գործին գիտականութեան ձեռքբերման…:
Անկէ ետք հարիւրաւոր էջերու վրայ «կը քննարկուին» հայ քրտական յարաբերութիւնները, ուր կը «հիմնաւորուի» քիւրտերու տեղաբնիկութիւնը եւ հայոց բնակիլը քրտական իմարաներու /նահանգներու/ մէջ…: Այս հարիւրաւոր էջերու մէջ իրողութիւնները շրջուած ներկայացնելուն եւ ալա թրքական պատմաշինութեան, ուր քիւրտերը երբեմն հայերէն աւելի անիրաւուած կ’ըլլան /որուն բնականաբար աւելորդ է անդրադառնալը/, կը յաջորդէ բազմաթիւ լեզուներով օգտագործուած աղբիւրներու ցանկը /ուր հայերէնով աղբիրներ չկան բայց հայ հեղինակներու օտար լեզուներով աշխատութիւններ կան/, նկատառելի է պարագայ մը. հոն կը հանդիպինք այնպիսի թրքական եւ արեւմտեան հակահայկական կեղծ եւ ուրացող պատմագիտական հեղինակներու անուններուն, ինչպիսին են Կունթըր Լեւի, Քամուրան Կիւրին, Միմ Քեմալ Էօքէ, Ճասթին Մըքարթի, Սալահի Սոնիէլ, Սթանֆորտ Շօ, Թուրքաեա Աթաեով, Եուսուֆ Հալաճօղլու…, որոնց կեղծիքները ատենին լաւապէս բացայայտեցին /գլխաւորութեամբ հայրենի պատմաբան եւ քաղաքագէտ Ճոն Կիրակոսեանի/ ու այժմ ալ կը բացայայտեն որոշ պատմաբաններ /մանաւանդ ամերիկեանը գլխաւորաբար Արմէն Այվազեանը/:

Թրքաքրտական հակահայկան խեղաթիւրումներով յստակ նպատակաուղղուածութեամբ այս գիրքին արաբերէնով այժմ լոյս ընծայումը` Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, անշուշտ որ քաղաքական բացորոշ նպատակ կը հետապնդէ, բայց այս անգամ ոչ թէ ուղղակի թշնամիին` Թուրքիոյ կողմէ, այլ անուղղակիօրէն հայոց թիկունքէն հարուածելով քիւրտերու կողմէ, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութիւնը փորձուի կասկածի տակ առնել ու համազօրը ստեղծուի հայկական մանաւանդ հողային պահանջատիրութեան, ինչու չէ այս պարագային նաեւ ոչ միայն անմեղացնելով քիւրտերը, այլ նոյնիսկ տեղ-տեղ զանոնք զոհէն աւելի զոհ ցոյց տալով…: Մէկ քարով բազմաթիւ թռչուններ հարուածելու թրքասիոնական խորամանկութիւն:

Այս բոլորին վրայ ալ եթէ նկատի ունենանք այն իրողութիւնը, որ արդէն Պէյրութի մէջ բացումը կատարուեցաւ ամէնամեայ արաբական գիրքի ցուցահանդէս-վաճառքին, որ արաբական աշխարհի ամենահռչակաւոր գիրքի տօնավաճառներէն է եւ կը տեւէ երեք շաբաթներ, ուր լայն մասնակցութիւն կ’ունենայ այս գիրքը լոյս ընծայող «Տար Էլ Ֆարապի» հրատարակչատունը, /որ ի դէպ այս տարի Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ, աշխարհի չորրորդը համարուող Շարժայի գիրքի ցուցահանդէսին, արաբական հրատարակչատուներու մէջ առաջինը ճանչցուեցաւ/, որուն ընթացքին զանազան մտաւորական հաւաքներ կը կայանան, արաբ մշակութային անձնաւորութիւններու ալ մասնակցութեամբ եւ նոր ընծայուած գիրքեր կը քննարկուին ու կը մակագրուին հեղինակներուն կողմէ, եթէ այս գիրքին ալ հեղինակին ներկայութեամբ այդպիսի երեկոյի մը ընթացքին տեղ յատկացուի ու արաբ մշակութասէր հասարակութիւնը այս գիրքը ընդունի իբր գիտական մօտեցումով աշխատութիւն,  աւելի եւս յստակ կ’ըլլայ թիրախին` հայոց պահանջատիրութեան անուղղակի հարուածելու հիմնական նպատակը…:

Շատ ուշադիր պէտք է ըլլալ նման խաղերէ ու անգիտակցօրէն եւ անխոհեմաբար պէտք չէ շլանալ այսպիսի վերնագիր ունեցող գիրքերէ ու իյնալ լարուած ծուղակին մէջ, ինչպէս որ եղաւ վերջերս Երեւանի մէջ, երբ նոյն հակահայկական թէզէրը առաջ քաշող թուրքաքիւրտ հեղինակ մը` Իսմայիլ Պեշիկճին մեծարուեցաւ, այդ ալ Հայաստանի Ազգային Ժողովի երեսփոխան Արագած Ախոյեանի եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի ռեքտոր /տնօրէն/ պատմաբան Արամ Սիմոնեանի կողմէ, եւ երբ եղածին դէմ հարց բարձրացաւ… նախ փորձ եղաւ առաջինին կողմէ հակազդելու, ապա… քար լռութիւն: Բայց ջայլամային մօտեցումով այսպիսի հարցեր չեն լուծուիր, որովհետեւ հակազգային վնասը արդէն կատարուած կ’ըլլայ, ինչպէս որ եղաւ Երեւանի մէջ…: Հիմա ինչպէ՞ս եւ ո՞վ պիտի պատասխանէ այս գիրքին, որպէսզի լուսաբանուի արաբական հանրային` գոնէ մտաւորականութեան կարծիքը:

Ժամանակին գրքոյկ մը լոյս տեսած էր «Զգոյշ Սիոնիզմ Է» վերնագրով, նոյնին հետեւողութեամբ ահազանգենք` Զգոյշ Սիոնա-Փանթուրքիզմ է… նոր դիմակով` քրտականով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին