Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ արեւմտահայերէնի պահպանութեան եւ զարգացման առնչութեամբ Լիբանահայ վարժարաններու համար Յատուկ Նշանակութեան Յանձնախումբի առաջին աշխատանքային երկօրեայ ժողովը գումարուեցաւ Ուրբաթ եւ Շաբաթ՝ 28եւ 29 Նոյեմբեր 2014ին, Հայկազեան Համալսարանին մէջ:
Ժողովին ներկայ էին Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Արեւմտահայերէնի Տարածման Ծրագիրներու Աւագ Վարիչ Անի Կարմիրեան, Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, Յանձնախումբի խորհրդատուներ՝ Յարութիւն Քիւրքճեան, Դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան, եւ անդամներ՝ Արա Վասիլեան, Դոկտ. Թամար Գապագեան-Հաշէօլեան, Դոկտ. Յակոբ Եագուպեան, Շաղիկ Խիւտավերտեան, Վարդուկ Պալըքճեան, Կրեկուար Գալուստ, եւ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:
Քննարկուեցան Յանձնախումբին կազմակերպական երեսակները, յառաջիկայ տարուան գործունէութեան աշխատանքային ծրագիրը եւ համապատասխան ժամկէտերը: Ժողովի աշխատանքները ընդգրկեցին լիբանահայ վարժարաններուն ինքնարժեւորումի եւ առաւել բարելաւման գործընթացը եւ անկէ բխող յառաջիկային որդեգրուելիք ծրագիրները, յատկապէս՝ լիբանահայ վարժարաններուն մէջ արեւմտահայերէնի զարգացման վերաբերող նախաձեռնութիւնները: Մշակուեցան նաեւ գործնական քայլեր՝ յօգուտ վերոնշեալ առաջադրանքներու գործադրման:
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի լիբանահայ վարժարաններուն ուղղուած աջակցութիւնը պիտի շարունակուի հիմնուելով վերոյիշեալ աշխատանքային ծիրին վրայ:
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի
Արեւմտահայերէնի Պահպանութեան եւ Զարգացման Յատուկ Նշանակութեան Յանձնախումբ