Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Միջ-Դպրոցական Արտասանական Մրցումը Ի Մի Բերաւ Հալէպահայ Վարժարաններու Պատանի Ներկայացուցիչները

*Լեւոն Շառոյեան*

Աւանդութիւնը ա՛յս տարի ալ յարգուեցաւ։ Թէքէեան Մշակ. Միութեան կողմէ տարիներէ իվեր անխափան կազմակերպուող միջ-դպրոցական արտասանական մրցանքը դա՛րձեալ կայացաւ, ի մի ժողվելով հալէպահայ մեր վարժարաններէն ընտրուած պատանի դպրոցականներու խումբ մը, ու անոնց շրթներուն վրայ ապրեցնելով հայ բանաստեղծութեան ընդարձակ պարտէզէն ջոկուած երփներանգ ու բուրումնաւէտ ծաղիկներ…։

Արդարեւ, 23 Նոյեմբեր, Կիրակի միջօրէին, բոլոր անոնք՝ որոնք համախմբուեցան Հալէպի «Եկաւեան Մատենադարան»ի սրահին մէջ եւ հետեւեցան մրցանքի յաջորդական փուլերուն, գէթ պահ մը մոռցան իրենց առօրեան թունաւորող պատերազմական գորշ մթնոլորտը ու ատոր փոխարէն՝ նոյնացան մեր բանաստեղծներուն երազային աշխարհին հետ…։

Միւս կողմէ, կրկի՛ն, ուշադրութեան առարկայ դարձան մեր դպրոցները, որոնք ինչ-ինչ դժուարութիւններու կուրծք տալով՝ կը շարունակեն խմորել սերունդ մը, որ թէ՛ կրնայ խանդավառուիլ հայ բանաստեղծութեամբ, թէ՛ ալ կրնայ խանդավառել…։
Հալէպահայ հինգ երկրորդական վարժարաններն ալ՝ բերած էին իրենց մասնակցութիւնը, իւրաքանչիւրը՝ երկու մասնակիցով։ Հնգանդամ «Դատական կազմ» մըն ալ, բոլոր դպրոցներէն ներկայացուցիչներով, պիտի արժեւորէր արտասանութիւնները եւ ըստ այնմ գնահատէր զանոնք։

Մրցորդները պիտի արտասանէին երկու բանաստեղծութիւններ, մին՝ պարտադիր կտոր մը (Վահան Թէքէեանի «Յոյսեր, մեծ յոյսեր»ը), միւսը՝ ընտրովի։

Ընտրովի կտորներ ընտրուած էին հալէպաբնակ Վերա Գալէմքէրեան-Պոսնոյեանի «Հալէպ» խորագրեալ չափածոյ մէկ գործը, Միքայէլ Նալբանդեանի «Երգ ազատութեան»ը, Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»ը, Գէորգ Էմինի «Մենք»ը, Կապուտիկեանի «Ընդդիմախօսութիւն»ը, Իգնա Սարըասլանի «Մենք յաւերժութեան ծառը եղանք»ը, Վահագն Դաւթեանի «Ներբող մայրենի երգի»ն, Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր հայրենի տուն»ն ու «Յոյսի համար»ը եւ Ժագ Յակոբեանի «Յաղթերգութիւն»ը։
Ունկնդրեցինք մեր դպրոցականները հաճոյքով։ Բնականաբար, կային յաջող եւ նուազ յաջող ելոյթներ։

Դատական կազմը փոխանցեց իր արժեւորումները.- Առաջնութեան մրցանակը կը խլէր Կիլիկեան Ճեմարանէն Նազօ Նազարեան, Բ. մրցանակը՝ Լ.Նաճարեան-Գ.Կիւլպէնկեան Կեդր. վարժարանէն Նուէր Ներսէսեան, Գ. Մրցանակն ալ՝ Հայ Աւետ. Բեթէլ վարժարանէն Լուսինէ Սազեան։

Մրցանակակիրներուն քաջալերական պարգեւներ կը յանձնուէին Թէքէեան Մշակ. Միութեան անունով։
Շարունակ կ՛ըսուի, կը պնդուի, թէ հակառակ եռամեայ պատերազմին ու անապահովութեան՝ Հալէպ դեռ կը շնչէ, դեռ «գործ» կը տեսնէ։ Սխալ չէ։ Այսօր, երբ հալէպահայ մեր աշակերտները քերթուածներ կ՛արտասանէին ԱՊՐՈՂ ԳՐՈՂՆԵՐ Իգնա Սարըասլանէն (Պոլիս) կամ Ժագ Յակոբեանէն (Լոս Անճելըս), մեր այս սիրելի բանաստեղծներուն ականջներուն մէջ բզզիւն մը չէ՞ր յառաջանար…։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին