Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Լիբանանի Անկախութեան 71-րդ Տարեդարձի Հանդիսութիւն Պէյրութի Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Անկախութիւնը ընդհանրապէս արծաթեայ պնակով չի հրամցուիր ժողովուրդներուն. անոնք արեան գնով կը պայքարին անոր տիրանալու համար: Նոյնը եղած է նաեւ պարագան յաւերժական մայրիներու երկիր Լիբանանին, որ 22 Նոյեմբեր 1943-ին անկախանալով, այս տարի նշեց իր անկախութեան 71-ամեակը:

Այս առիթով վարժարանիս աշակերտութիւնը պատրաստած էր կոկիկ յայտագիր մը, զոր ներկայացուց Ուրբաթ, 21 Նոյեմբերին: Արդէն մի քանի օրէ լիբանանեան դրօշակները զարդարած էին դպրոցին շրջափակը եւ այդ օր զբօսանքներուն ընթացքին կը հնչէին հայրենասիրական երգեր:

Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք միջնակարգ բաժնի արաբերնէ լեզուի ուսուցչուհի՝ Տիկ. Արզէ Ալամ բացման խօսքին մէջ ըսաւ, թէ «անկախութիւնը քաղցր բառ մըն է, որուն իմաստները բազմաթիւ են ու շատ գեղեցիկ: Սակայն այս տարի կայ իրողոթիւն մը, որ մեզ կը զրկէ անկախութեան բերկրանքէն, որուն պատճառն ալ այն սեւ ձեռքերն են, զորս հարկ է արմատախիլ ընել եւ ոչնչացնել, որպէսզի կարենանք հասնիլ մեր նպատակներուն: Եւ այս բոլորը կարելի է կատարել շնորհիւ մեր քաջ բանակին, որ գլխաւոր խորագիրն է մեր անկախութեան»:

Յայտագիրը սկսաւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտներու «Լիբանան» եւ «Արտ Պիլատի» երգերով, որոնց յաջորդեց ‎ֆրանսերէն լեզուով երեք ասմունքներ՝ կատարողութեամբ Առաջին, 8-րդ եւ 4-րդ դասարաններու խումբ մը աշակերտներու: Այնուհետեւ, 6-րդ դասարանի աշակերտները անկախութեան առիթով խօսք առին ու շեշտը դրին իսկական անկախութեան անհրաժեշտութեան վրայ:

Օրուան պատգամը փոխանցեց վարժարանիս երկրորդական բաժնի արաբերէն լեզուի ուսուցիչ Պրն. Ամին Ալ Ռամի, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ «անկախութեան տօնը կը նշենք ցաւ եւ վախ զգալով, եւ մեր աչքերուն մէջ արցունքի սեւ կաթիլներով, ի տես այն մեծ հերոսներուն, որոնք ինկան ու տակաւին կ‏þիյնան այս խաչուած հայրենիքի խորանին վրայ: Հայրենիք մը, որուն Գողգոթայի ճամբան երկարեցաւ, հայրենիք մը՝ որ այսօր մերն է, սակայն վաղը այն ձերը պիտի ըլլայ, ու յաւիտեան պիտի գոյատեւէ, այնքան ատեն որ զինք կը սիրենք մեր սրտի խորքէն եւ ոչ միայն մեր ճառախօսութիւններուն ընդմէջէն»: Ալ Ռամի նշեց, թէ «Լիբանանը սուղ է եւ անոր ամէնէն սուղ բաժինը այն է, որ դո՛ւք էք անոր հաւատարիմ զաւակները, թէ Լիբանանը բարձր է եւ անոր ամէնէն բարձր բաժինը ձեր ունեցած ձգտումներն ու յոյսերն են»: Ան նաեւ կոչ ուղղեց բոլորին՝ բռունցքուելու լիբանանեան բանակին հետ, որպէսզի այս հայրենիքը փրկենք ամէն տեսակի նախայարձակներէ:

Առաջին դասարանի «Արզաք Եա Լըպնան» երգեցողութեան յաջորդեց 5-րդ դասարանի աշակերտներուն «Նաշիտ Ալ Ալամ» ասմունքը, ապա յայտագիրը փակուեցաւ վարժարանիս պարախումբին ներկայացուցած արաբերէն պարով:

Հուսկ, բեմ բարձրացաւ տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրը պատրաստող ուսուցչուհիներուն եւ զայն ներկայացնող աշակերտներուն: Ան ըսաւ, թէ «այսօր նշեցինք ա՛յն անկախութիւնը, որուն մասին կ‏þերազենք եւ որուն կը ձգտինք հասնիլ», ապա բեմ հրաւիրելով Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ գերապատիւ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանը, խնդրեց միասնաբար աղօթել լիբանանեան բանակի նահատակներուն հոգիներուն համար:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին