Նոյեմբեր 14-ին Մոսկուայի Սբ. Պայծառակերպութիւն եկեղեցական համալիրի ընդունելութիւններու դահլիճին մէջ կայացած է «Հայագիտութիւնը Ռուսաստանի մէջ. պատմութիւն եւ այժմեան կեանք» խորագիրով համայնքային գիտական համաժողովը: Այն տեղի ունեցած է ՀԱԵ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց թեմի հովանիի ներքոյ, Մոսկուայի պետական համալսարանի Ասիոյ եւ Աֆրիկայի հիմնարկի, ՌԴ ԳԱ Գորկիի անուան համաշխարհային գրականութեան հիմնարկի աջակցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդեն ՌԴ մէջ ՀՀ դեսպանութենէն:
Ձեռնարկին կազմակերպիչներուն կողմէն նշուեցաւ, որ Մոսկուան պատմականօրէն կը հանդիսանայ հայագիտութեան ոլորտի տարբեր բնագաւառներու մէջ մասնագէտներու, գիտնականներու միասնական հաւաքատեղի:
Անոնց խօսքերով` համաժողովը կ’արձագանքէ համայնքին մէջ հասունացած հայագիտութեան յառաջատար գիտական եւ կրթական կեդրոններու եւ ծրագիրներու վերաբացման պահանջին եւ նպատակ ունի իր ներդրումը բերելու Ռուսաստանի հայերու` ազգային ինքնութեան, աւանդոյթներու եւ մշակոյթի պահպանման գործին մէջ:
Ձեռնարկին` Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի անունէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ հայր Կիրակոս Դաւթեան:
Նախագահողներու կազմին էին ՌԴ ԳԱ Համաշխարհային գրականութեան հիմնարկի դասախօս, բանասէր Բ.Զուլումեան, «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» ՀԿ նախագահ Եուրի Նաւոյեան, հայր Կիրակոս Դաւթեան, Սոցիալական գիտութիւններու ինստիտուտի տնօրէն Է.Գրիգորեան, “МГУ” –ի ռուս փիլիսոփայութեան պատմութեան ամպիոնի փրոֆէսոր Թ.Կարաեւը:
Ելոյթներով հանդէս եկան Մոսկուայի, Նիժնի Նովգորոդի հայագիտութեան կեդրոններու եւ ամպիոններու ղեկավարներ, Մոսկուայի համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ, յառաջատար հայագիտական կեդրոններու ներկայացուցիչներ, լեզուաբաններ, ընկերաբաններ, բազմաթիւ այլ հիւրեր:
Համաժողովին ընթացքին քննարկուած են ՌԴ հայ համայնքային խնդիրները, ռուսաստանեան հայագիտութեան պատմութիւնը, հեռանկարները, առկայ խնդիրները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պատմութեան, քաղաքագիտութան, ազգագրութեան, գրականագիտութեան, լեզուաբանութեան ոլորտներու բազմաթիւ այլ հարցեր:
Ձեռնարկին մասնակցեցաւ դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար Վ.Մելքումովան: