Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Առօրեայ Մտորումներ՝ Անիի Եկեղեցիները Էջմիածնակա՞ն Թէ Անթիլիասական…

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

sevag6_sketch

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, այլ մտորումներու շարքին ունիմ հատ մըն ալ, որ վերջերս միտքս սկսած է չարչրկել:  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, նաեւ 100-ամեակն է մեր անլոյծ Դատին: Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը մեր յաւիտեան պարտքն ըլլալով հանդերց, արդե՞օք բնական է 100-ամեայ անլոյծ Դատ ունենալ: Ճակատագ՞իր է այս, թէ գործելացեւի եւ ռազմավարութեան սխալ:

Յստակ տեսլականի մը եւ արհեստավարժական մասնագիտականութեան չգոյութիւն չի՞ նշանակեր սա, որուն պատասխանատուութիւնը հաւասարապէս կ՛իյնայ մէն մի Հայ ազգային ու քաղաքական հաստատութեան եւ կազմակերպութեան ատենի ղեկավարութեան վրայ, որոնք սփիւռքի մէջ  առաւել կամ նուազ չափով յաջող հայապահպանման շնորհակալ աշխատանք տանելով հանդերց, հայկական պահանջատիրութեան  յստակ եւ գործնական  ու մանաւանդ միասնական սահմանում մը ըստ երեւոյթին չեն յաջողած ունենալ:

Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ եւ հարիւր տարիով ուշ տարուող վերջերս յայտնուող միջազգային ատեաններու դիմաց պահանջատիրական աշխատանքներ ձեռնարկելու միտքերուն կամ  ծրագիրներուն ի տես, մտահոգութիւն մը սկսած է յայտնուիլ մէջս. Չպատահի յանկարծ այնպէս մը, որ ազգային մեր կարգ մը հաստատութիւններուն Հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան սահմանումը սահմանափակուի եկեղեցապատկան կալուածներու վերատիրացման պահանջքի հետապնդումով:

Մինչեւ այս կէտը, արդարացի կամ երեւակայական մտորումներս տանելի կամ լուսաբանութեամբ մը բուժելի կրնան ըլլալ: Բուն մտահոգութինս սակայն այն է, թէ յանկարծ անցեալի մէջ ապրող կարգ մը մարդուկներ՝ ջուրը չտեսած բոպիկնալու տրամաբանութեամբ, ազգային լուրջ հարցի մը չվերածեն օրինակի համար Անիի եկեղեցիներուն արեւելեան թեմին թէ արեւմտեան թեմին պատկանելի ըլլալու ողբերգակատակերգութիւնը… որուն վրայ ինչու չէ գայ նաեւ աւելնալու Վասպուրականի Արծրունեաց Աղթամարի Կաթողիկոսութիւնը վերահաստատելու պահանջք մըն ալ՝ մեր այս երրորդ կաթողիկոսութեան աթոռանիստը սահմանելով անշուշտ ըստ հայոց պատմութեան՝ Վանայ Լիճի Աղթամար Վանքի Ս. Խաչ եկեղեցին, որպէս (cherry on the top) «կարկանդակի գագաթին դրուած կեռաս»…:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին