*ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ*
Հայկական վարժարաններու մէջ ուսանող երեք հարիւրէն աւելի աշակերտներ այսօր մասնակցեցան «Յիշումի եւ Պահանջքի Օրուան» միջոցառման,որուն ընթացքին անոնք ցանեցին Անմոռուկ ծաղիկի (որ ընտրուեցաւ իբրեւ խորհրդանիշ Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին) հունտեր:
Այս ձեւով մեր գաղութին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկներու շարքին:
Մեծ խանդավառութեամբ եւ գիտակցութեամբ անոնք երեք ժամ աշխատեցան Հայ Կեդրոնի Սիրանուշ սրահին մէջ: Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ պարոն Վահագն Մելիքեան, Գիսակ Արք.Մուրատեան՝ Առաջնորդ Արժանթինի եւ Չիլէի, հայկական դպրոցներու տնօրէններ, ինչպէս նաեւ տարբեր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:
Սերմերը ցանուեցան 5000 փոքրիկ թաղարներու մէջ, որոնք ձրիաբար պիտի բաշխուին Նոյեմբեր 29ին՝ Պարրանքաս տէ Պելկրանօ թաղամասին մէջ տեղի ունենալիք «Պուէնոս Այրէս կը տօնէ Հայաստանի Օրը» բացօթեայ ժողովրդական հանդիսութեան ընթացքին:
Այս ձեռնարկը եւս կը մտնէ 100ամեակին նուիրուած գործունէութեանց ծիրին մէջ: