Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

”Ցեղասպանութեան Որբերը” Շարժանկարը Առաջադրուած է ԱՄՆ-ի ”Էմմի” Մրցանակին

Պարետ Մարոնեանի  «Ցեղասպանութեան որբերը” վաւերագրական շարժանկարը առաջադրուած է 2014 թուականի ԱՄՆ-ի «Էմմի” մրցանակաբաշխութեան փաստագրական եւ պատմական ֆիլմերու անուանակարգին : Շարժանկարըն առաջադրուած է ամերիկեան Ֆլորիտա նահանգի Հեռուստատեսային արուեստի եւ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ «The Armenian Weekly” պարբերականը:

Կարճամետրաժ շարժանկարին մէջ ներառուած է հարցազրոյց Մորիս Միսաք-Քէլեկչեանի հետ, ով բացայայտած է Անթուրայի մանկատան գաղտնիքը, ուր ցեղասպանութենէն ետք կը թուրքացնէին 1000 հայ որբեր: Վերջին երկու տարիներու ընթացքին «Ցեղասպանութեան որբեր” ֆիլմը ցուցադրուած է «PBS” հեռատեսիլին կողմէ, իսկ հեռուստադիտողներու թիւը գերազանցած է 12 միլիոնը: Բացի այդ, շարժանկարը ցուցադրուած է նաեւ ԱՄՆ-ի, Գանատայի, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ կազմակերպուած բազմաթիւ ձեռնարկներու եւ փռատօններու ընթացքի եւ բազմաթիւ պարգեւներ ստացած է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին