Շաբաթ, 02. 12. 2023

spot_img

Տինքի Մահափորձը Չկանխած Պաշտօնեաները Կրնան 20-25 Տարուան Բանտարկութեան Դատապարտուիլ

«Ակօս» թերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան օրէն անցած է աւելի քան 8 տարի, սակայն անոր սպանութիւնը կանխելու համար հարկաւոր քայլերու չդիմած պաշտօնատարներէն ոչ մէկուն դէմ լուրջ մեղադրանք առաջադրուած է տակաւին. այս մասին կը գրէ «Ակօս»ը:

Որոշ պաշտօնատարներու շուրջ հետաքննութիւն վերսկսելու կապակցութեամբ արդարադատութեան նախարարութեան որոշումէն ետք, զանոնք դատելու գծով որեւէ իրաւական խոչընդոտ չէ մնացած: Ուստի, Տինքի ընտանիքի փաստաբանները այժմ կը պահանջեն անոնց դէմ դատը շարունակել՝ Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 83րդ յօդուածի յատկանիշներով, որոնք կ՛առնչուին կանխամտածուած սպանութեան իրականացման՝ անփոյթ վերաբերմունքի հետեւանքով:

Ամբաստանեալ պաշտօնատարներու շարքին են՝ Պոլսոյ նահանգապետ Մուամմեր Կիւլեր, Պոլսոյ ոստիկանապետ Ճելալետտին Ճերրահ, Պոլսոյ նահանգապետի տեղակալ Էրկիւն Կիւնկէօրի, Պոլսոյ հետախուզութեան վարչութեան պետ Իլհան Կիւլեր, Տրապիզոնի ոստիկանապետ Ալի Էօզ եւ ուրիշներ, որոնք մինչեւ այսօր լրջօրէն չեն հարցաքննուած:

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը, ընդունելով Տինքի ընտանիքի փաստաբաններուն դիմումը՝ դատապարտած էր Թուրքիոյ իրաւական համակարգի ձգձգումները, միաժամանակ պնդելով, որ Թուրքիոյ համապատասխան պատկան մարմինները չեն փորձած պաշտպանել Տինքը եւ ոճիրէն ետք բաւարար լրջութեամբ չեն մօտեցած պաշտօնատարներու հետաքննութեանց։

Տինքի ընտանիքի փաստաբաններէն Հաքան Պաքըրճըօղլու կը նշէ, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի ուսումնասիրութեան հիման վրայ, պաշտօնատարները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին քրէական օրէնսգիրքի 83րդ յօդուածով: Այդ պարագային, անոնք կրնան 20-25 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:

Պաքըրջըօղլու կը նշէ, որ Տինքի սպանութեան վերաբերեալ թրքական հետախուզութիւնը բաւարար տուեալներ ունեցած է, սական որեւէ քայլի չէ ձեռնարկած, եւ որ այդ մօտեցումը կանխամտածուած եղած է:

Նշենք, թէ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութիւնը շարունակուեցաւ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին ու այդ առիթով դարձեալ «Տինքի բարեկամները» դատարանին առջեւ ցոյց մը կազմակերպեցին։

www.tert.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին