Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

«Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Կը Յիշէ Ամբողջ Մարդկութիւնը». Կարտինալ Ռաւազի

Վատիկանի մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ, կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռաւազի վստահ է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիտեն ու այս մասին կը յիշեն ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ՝ ամբողջ մարդկութիւնը: «Յառաջիկայ տարի ամբողջ աշխարհը պիտի նշէ մեծ արհաւիրքին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը: Երիտասարդութեան տարիներէս ես տեղեակ եղած եմ հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործադրուած այս ահաւոր ողբերգութեան մասին՝ Ֆրանց Վերֆելի »Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը» ստեղծագործութեան միջոցով», յայտնած է Ռաւազի՝ 27 Հոկտեմբերին Երեւանի պետական համալսարանի գիտական խորհուրդի նիստերու դահլիճին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ներկայ պիտի գտնուի՞ 2015ի Ապրիլեան նախաձեռնութիւններուն՝ կարտինալը նշած է, որ տակաւին յստակ չի գիտեր, բայց ուր ալ ըլլայ, պիտի յիշէ պատմութեան մէջ իր հետքը թողած ողբերգութեան մասին: «Քիչ առաջ կը խօսէի ձեր վարչապետին հետ, ձեր կողմէ փափաք կայ, որ Հռոմի պապը գայ Հայաստան, հաւանական է, որ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ համերաշխութեան, եղբայրութեան կոչ ուղղուի: Ուրախ եմ, որ ոչ միայն հայութիւնը կը յիշէ այդ ողբերգութիւնը, այլեւ ամբողջ մարդկութիւնը: Չեմ գիտեր ես ուր կ՛ըլլամ այն ատեն, սակայն անպայման պիտի յիշեմ։ Կարեւոր է, որ երիտասարդները եւս յիշեն, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է, որպէսզի ինքնութեան կորուստ չըլլայ, քանի որ սպաննելով ինքնութիւնը, կը սպաննես ազգը», դիտել տուած է կարտինալ Ռաւազի:
Ան նաեւ յիշած է Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը» ժողովածուն, մասնաւորաբար «Ցորեանի Ծովեր» բանաստեղծութիւնը, որուն մէջ կարտինալը կը տեսնէ հայ ազգի ձգտումը՝ նորէն ապրելու եւ արարելու: «Բանաստեղծութեան մէջ նկարագրուած է, որ քամին կ՛անցնի հացահատակի, խաղողի դաշտերուն միջով, բայց այս քամին, ի հարկէ, ուղղակի բնութեան քամին չէ, այլ Աստուծոյ շունչն է, որ այս հողը բերրի պիտի դարձնէ: Կ՛ըսուի, որ կը փչեն քամիները, հացահատակի սերմերը հողին մէջէն քաղցրօրէն կը բարձրանան եւ անոնց արանքով կը վազէ մեծ հոսանք մը: Բնականաբար, սերմերը մարդիկ են, որոնք արմատներ կը նետեն հողին մէջ, բոլոր պարտութիւններէն անցնելով, տակաւին ապրելու մեծ ցանկութիւն ունի», իր զգացումները հայ գրականութեան ճամբով դրսեւորած է կարտինալը։

Կարտինալը նաեւ այցելած է Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուած է Մայր աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Յովակիմ եպս. Մանուկեանի կողմէ: Հիւրերուն փոխանցելով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները՝ Յովակիմ սրբազան զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանեայց առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն միջեւ առկայ ջերմ յարաբերութիւններուն եւ սերտ գործակցութեան: Իր հերթին կարտինալ Ռաւազին փոխանցած է Ամենայն հայոց հայրապետին ուղղուած Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանսիս պապին եղբայրական ողջոյնները:

Այնուհետեւ կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռաւազին այցելած է Մայր տաճար, ուր Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի լուսարարապետ Յովնան եպս. Յակոբեանի հետ Իջման Սուրբ Սեղանի առջեւ աղոթք կատարուած է՝ երկու քոյր եկեղեցիներու պայծառութեան համար: Ան այցելած է նաեւ Մայր աթոռի «Ռուբէն Սեւակ» թանգարանը:

www.armenpress.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին