Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

Հայկական Հարցի Կարգաւորման Մէջ Նպաստ Պիտի Ունենամ. Մահճուպեան

Թուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդական նշանակուած հայազգի Էթիէն Մահճուպեան յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ համար Հայկական Հարցը ամենակարեւոր հարցերէն մէկը չէ:

«Ճազիրա» կայանի թրքական ծառայութեան թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին ան նշած է, թէ քիւրտերու եւ այլ փոքրամասնութեանց համար, Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններէն աւելի լաւը չկայ:

Լրագրողի այն հարցումին, թէ Մահճուպեանի հայ ըլլալը պիտի օգնէ՞ Հայկական Հարցի կարգաւորման, Մահճուպեան պատասխանած է. «Եթէ քիւրտ մը նշանակուէր, ի հարկէ, իր նպաստը կ՛ունենար քրտական հարցի կարգաւորման մէջ, իսկ եթէ ալաուի մը նշանակուէր, ալաուիներու հարցերու կարգաւորման կը նպաստէր: Ես հայ եմ, ի հարկէ, ես ալ Հայկական Հարցի կարգաւորման մէջ նպաստ պիտի ունենամ: Սակայն, Հայկական Հարցը Թուրքիոյ ամենակարեւոր հարցերէն մէկը չէ: Նաեւ, ես Թուրքիոյ հայ համայնքը ներկայացնելու լիազօրութիւններ չունիմ, ու այդ հարցին մէջ գլխաւոր դերակատարը Թուրքիոյ հայկական համայնքն է, հայկական Սփիւռքն է», ըսած է Մահճուպեան:

www.news.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին