Երկուշաբթի, 07. 10. 2024

spot_img

«ԱՆԱՀԻՏ» Շարժանկարի Պաշտօնական Ծանուցաժապաւէնը Համացանցի Վրայ Է

Ղազարոս Աղայեանի ստեղծագործութեան առաջին շարժանկարը՝ «Անահիտ»ը մեծ պաստառին վրայ պիտի ներկայացուի Դեկտեմբերին: Մինչ այդ, 21 Հոկտեմբերին հանրութեան սեփականութիւնը եղաւ «Անահիտ»ի ծանուցաժապաւէնը («թրէյլըր»)։ Շարժանկարը նկարահանուած է գծանկարի միջազգային չափանիշներուն համապատասխան եւ որակական նոր հարթութեան պիտի բարձրացնէ հայկական շարժանկարի արտադրութիւնը:

«Անահիտ» ժապաւէնի հերոսներուն ձայները մարմնաւորած են Նազենի Յովհաննիսեանը, Խորէն Լեւոնեանը, Հրանդ Թոխատեան, Ռաֆայէլ Քոթանջեան, Շուշան Պետրոսեան, Մկրտիչ Արզումանեան, Դաւիթ Բաբայեան, Վարդան Զադոյեան: Ժապաւէնի երգահաններն են Արմէն Մարտիրոսեանը եւ Վարդան Զադոյեանը: Երգերը կը կատարեն Շուշան Պետրոսեանը, Ինգա Արշակեանը, Տիգրան Պետրոսեանը, Գոռ Սուջեանը, Նիկ Էգիբեանը, Յասմիկ Կարապետեանը, ինչպէս նաեւ «Ակունք» ազգագրական համոյթը:

Բեմադրիչներն են՝ Դաւիթ Սահակեանցն ու Լիւլիա Սահակեանցը: Արտադրական աշխատանքները կատարած է «Շարմ Հոլդինգ»ը: Բեմագրութեան հեղինակներն են Նայիրա Սահակեանցը, Լիւլիա Սահակեանցն ու Դաւիթ Սահակեանցը, երկխօսութիւններու հեղինակներն են Վահրամ Սահակեանն ու Լեւոն Գալստեանը: Բեմադրող նկարիչը Էռնեստ Մուրադեանն է:

Երեւանեան անդրանիկ ցուցադրութենէն ետք «Տիզնի»ի չափանիշներուն համապատասխանող «Անահիտ» շարժանկարը պիտի ներկայացուի միջազգային հեղինակաւոր փառատօններուն։

www.armenpress.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին