Եւրասիա համագործակցութեան հիմնադրամի «Media Bus Tour» ծրագիրի ծիրէն ներս Հայաստան այցելած թուրք լրագրողներն այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկ: Անոնք եղան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահին մէջ, ծանօթացան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող ժամանակաւոր ցուցադրութեան հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՑԹԻ մամլոյ ծառայութենէն:
Այնուհետեւ հայ եւ թուրք լրագրողները հանդիպում եւ աշխոյժ քննարկում ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան– հիմնարկի տնօրէն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի քարտուղար Հայկ Դեմոյեանի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՑԹԻ մամլոյ ծառայութենէն: