Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Հաղորդագրութիւն՝ Դիւան Յունաստանի Ազգային Առաջնորդարանի

Նախաձեռնութեամբ Աստուածաշունչի Արաբական Ծոցի երկիրներու ընդհ. քարտուղար՝ պրն. Հրայր Ճէպէճեանի եւ հովանաւորութեամբ ու համագործակցութեամբ Յունաստանի Ազգային Առաջնորդարանի, ազգային Սոֆիա եւ Լեւոն Յակոբեան եւ Զաւարեան դպրոցներու 5-9 տարեկան աշակերտներուն տրամադրուեցան , Հայ Մանուկին Անձնական Աստուածաշունչըե արեւմտահայերէն պարզ լեզուով գրուած։

Պրն. Հրայր Ճէպէճեանի նախաձեռնութեամբ 300 օրինակներ տրամադրուեցան Յունաստանի մեր Թեմին։

Երկուշաբթի 20 Հոկտեմբերին առաւօտուն, յաջորդաբար նախ Սոֆիա Յակոբեան եւ ապա Զաւարեան դպրոցներէն ներս պրն. Ճէպէճեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանի ընկերակցութեամբ, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմերուն հետ առանձին հանդիպումներ ունեցան բացատրելով մանկավարժական եւ դաստիարակչական նոր մեթոտով գրուած սոյն Աստուածաշունչի կիրարկումի անհարժեշտութիւնը։

Յայտնենք որ սոյն Աստուածաշունչերը տրամադրուեցան միջին Արեւելքի բոլոր գաղութներուն եւ Յունաստանի պարագային Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ, Գալփաքեան վարժարանին եւ Թեսաղոնիկէի Ծաղկոց վարժարանին։

Այս առիթով մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Աստուածաշունչի ընկերութեան եւ պրն. Հրայր Ճէպէճեանին։

Երեքշաբթի 21 Հոկտեմբերի կէսօրին պրն. Հրայր Ճէպէճեան ընկերակցութեամբ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանի պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Ազգային Առաջնորդարան ուր հանդիպում ունեցան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի հետ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին