Չորեքշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2014 առաւօտեան ժամը 10:30ին բացումը կատարուեցաւ լիբանահայ հարիւրամեայ մամուլի տասնօրեայ ցուցահանդէսին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարանին մէջ:
Ցուցահանդէսը հերթական քայլ մըն էր Հայկազեան Համալսարանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարանին միջեւ ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնագիրին ծիրին մէջ եւ առաջին անգամ էր որ այս համագործակցութիւնը կը դրսեւորուէր հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին վրայ:
Ցուցահանդէսին ներկայ էին Հայկազեան Համալսարանի նախագահ, վերապատուելի դոկտոր Փօլ Հայտօսթեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարանի տնօրէն Դոկտ. Տիգրան Զարգարեան, Հայկազեան Համասլարապնի Տէրեան Հայագիտական Գրադարանի հիմնադիր Վեր. Տիգրան Խրլոբեանի հարազատը՝ Վեր. հայկԽրլոբեան, Ազգային Գրադանանի համապատասխան պաշտօնէութիւնը, մամուլի գործիչներ, հայագիտութեան գիտաշխատողներ, սփիւռքահայ դէմքեր, Մ. Նահանգներէն եւ Հալէպէն հիւրաբար Երեւան գտնուող հոգեւոր հովիւներ:
Տանտիրոջ հանգամանքով, Ազգային Գրադարանի տնօրէն Դոկտ. Տիգրան Զարգարեանի բարիգալուստի ջերմ խօսքէն ետք, Ցուցահանդէսի կազմակերպման եւ 6, 7 Հոկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կայանալիք Հայկական Գրադարաններու Միջազգային Գ. Համաժողովին մասնակցելու յառաջադրանքներով Երեւան գտնուող՝ Հայկազեան Համալսարանի գրադարանավար Օրդ. Սոնիա Սիսլեան ողջունեց ներկաները՝ յանուն Հայ Տպագրութեան Հինգհարիւրամեակի Տօնակատարութեանց ձեռնարկներու Հայկազեան Համալսարանի Յանձնախումբին, եւ խօսքը փոխանցեց Յանձնախումբի անդամ, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին:
Իր կարգին, Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի Տնօրէն Դոկտ. Տագէսեան համառօտակի պատմականը ըրաւ հայ տպագրութեան 500ամեակի տօնակատարութեանց առթիւ Հայկազեան Համալսարանի մէջ Համալսարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած յանձնախումբին եւ անոր ծաւալած գործունէութեանց: Ան ընդգծեց որ ձեռնարկները կարեւոր նորութիւններ էին եւ աննախընթաց՝ մանաւանդ որ առնչուեցան լիբանահայ մամուլի եւ լիբանահայ տպարաններու բոլոր կալուածներու գործիչներուն: Նորութիւն էր նաեւ այդ առթիւ Պէյրութ հրաւիրուած Ազգային Գրադարանի տնօրէն Դոկտ. Զարգարեանին մասնակցութիւնը այդ ձեռնարկներէն վերջինին, որուն ընթացքին ալ ալ երկու գրադարաններուն միջեւ յարաբերութիւնները խորացնելու կարելիութիւններ յառաջացան ու հասան «այստեղ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարանի ցուցասրահ, ուր ահա կը ներկայացուի լիբանահայ հարիւրամեայ մամուլը»:
Շնորհակալական իր խօսքին մէջ, Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան անդրադարձաւ հայկազեան Համալսարանի հայագիտական գործունէութեան, անդրադարձաւ 2 Սեպտեմբեր 2013ին հայկազեան Համալսարանին եւ հայաստանի Ազգային Գրադարանին միջեւ ստորագրուած Փոխըմբռնման Յուշագիրին եւ նշեց որ այդ յուշագիրը դուռ մը բացաւ շարունակուող գործակցութեան որուն դրսեւորումներէն է այս ցոբւցահանդէսը:
Ցուցադրութեան դրուած էին լիբանահայ մամուլի առաջին համարներու պատճինեալ օրինակներ: Կային նաեւ ցուցանմուշներ, ուր ներկայացուած էր տուեալ թերթին վերնագիրը, գոյութեան թուականները, եւ առանձին բացատրագիր մը՝ անոր առաջին խմբագիրներուն եւ այլ տուեաներու վերաբերող: Ընդհանուրը ցուցադրուած էին 170 մեծածաւալ (40×60սմ.) եւ փոքրածաւալ (30×45սմ.) ցուցանմուշներ, որով կարելի կը դառնար պատկերաւոր գաղափար մը գոյացնել լիբանահայ հարիւրամեայ մամուլի գոյերթին մասին:
Ներկաներուն բաժնուեցաւ նաեւ հայ տպագրութեան 500ամեակին առթիւ Հայկազեան Համալսարանին կողմէ Պէյրութի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկները պարփակող գիրքը, ինչպէս նաեւ այս ցուցահանդէսին առթիւ հրատարակուած թերթիկը:
Այս առթիւ նշենք որ այս առթիւ, կարեւոր խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան հայկազեան Համալսարանի Տէրեան հայագիտական Գրադարանին եւ հայաստանի հանրապետութեան Ազգային Գրադարանին պատասխանատուներուն միջեւ՝ գործակցութեան խորացման եւ յառաջիկայ ծրագիրներու մշակման առումով, Ազգային Գրադարանին պակսող լիբանահայ գիրքերու հայթայթումին, գիրքերու թուայնացման եւ այլ առումներով: Տեղին է յիշել որ շուտով Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի բոլոր հատորներու բովանդակութիւնը պիտի զետեղուի Ազգային Գրադարանին համապատասխան առցանց կայքէջին վրայ՝ ազատ օգտուելու իրաւունքով: Իսկ Հայկազեան Համասարանը իրաւունք պիտի ունենայ ազատօրէն օգտուելու Ազգային Գրադարանին ընձեռած առցանց ծաւալուն ծառայութիւններէն: