Երեքշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2014ին, Հայաստանի Հանրապետութեան «Նորավանք» Գիտակրթական Հիմնարկը, յանձինս գործադիր տնօրէն՝ Գագիկ Յարութիւնեանի, փոխտնօրէն Արթուր Դումանեանի, Հայագիտական Կեդրոնի ղեկավար Արեստակէս Սիմաւորեանի եւ նոյն կեդրոնի փորձագէտ Վահրամ Հովեանի հիւրընկալեց Հայկազեան Համալսարանի նախագահ, վերապատուելի դոկտոր Փօլ Հայտօսթեանը, Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն, դոկտոր Անդրանիկ Տագէսեանը եւ Հալէպի Հայ Աւետարանական հոգեւոր հովիւներէն վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանը։
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Սփիւռքի եւ մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի հայ համայնքները յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ «Նորավանք» Գիտակրթական Հիմնարկի եւ Հայկազեան Համալսարանի միջեւ գործակցութեան հնարաւորութիւններն ու հեռանկարները։
Հանդիպման աւարտին «Նորավանք»ի տնօրէն Գագիկ Յարութիւնեանի կողմէ Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ Վեր. Փօլ Հայտօսթեանին յանձնուեցաւ Կեդրոնի գիտական-փորձագիտական խորհուրդի անդամ ընտրուելու վկայականը:
Հուսկ՝ համագործակցութեան յուշագիր կնքուեցաւ «Նորավանք» Գիտակրթական Հիմնարկի եւ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի միջեւ։