Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Ֆրանսա Կարեւոր Կը Նկատէ Փարիզի Մէջ Կայանալիք Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումը

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14ին, աշխատանքային այցով Գիւմրի այցելած Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Էրիք Ֆուրնիէ ըսած է, որ ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ Փարիզի մէջ կայանալիք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումին ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ պիտի փորձէ անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծել՝ բանակցային գործընթացին մէջ յառաջխաղացք արձանագրելու համար:

Ան շեշտած է, որ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը Հոկտեմբեր ամսուան կարեւորագոյն նիւթերէն մէկն է նախարարութեան համար: «Երկու երկիրներու նախագահներու հանդիպումը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Ֆրանսայի նախագահը, կարեւո՛ր է։ Պիտի փորձենք ստեղծել պայմաններ, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան վստահութեան մթնոլորտի ապահովման», աւելցուցած է ան:

www.news.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին