Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Հանրայայտ Երաժիշտ եւ Մակ-ի Մարդասիրական Գործունէութեան Դեսպանը Պէյրութի Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարան այցելեց հանրայայտ երաժիշտ եւ խմբավար, ՄԱԿ-ի մարդասիրական գործունէութեան դեսպան եւ մանուկներու իրաւունքներու պաշտպան պարոն Վարդան Մելքոնեան եւ տեսակցեցաւ վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի հետ:

Պարոն Մելքոնեան ծանօթացաւ Մեսրոպեան վարժարանի պատմութեան եւ կրթական կեանքին, գոհունակութիւն արտայայտեց Լիբանանի հայ մանուկներու կրթութեան համար ստեղծուած բարենպաստ պայմաններուն համար:

Մեսրոպեանի տնօրէնին հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին պարոն Մելքոնեան խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին առիթով իր կողմէ իրականացուելիք շարք մը նախաձեռնութիւններու մասին, յոյս յայտնելով, որ միասնական ջանքերով կարելի դառնայ միջազգային ուշադրութեան առարկայ դարձնել Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչումը:

Վարդան Մելքոնեան ծնունդով լիբանանահայ է,  մանկութեան հասակ առած է որբանոցի մէջ եւ ապա Անգլիա տեղափոխուելով, շնորհիւ յամառ աշխատանքի եւ ինքնակրթութեան, առաջատար դիրքեր նուաճած է Լոնտոնի երաժշտական եւ հասարակական կեանքին մէջ: Միջազգային գետնի վրայ ան ծաւալած է բուռն գործունէութիւն՝ անտուն մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ:

 Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի

Տեղեկատուական գրասենեակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին