Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ-ը 130 Հազար ԱՄՆ Տոլար Պիտի Յատկացնէ Սուրիահայ Ուսանողներուն. Հաղորդագրութիւն

2014-2015 ուսումնական տարեշրջանին ՀԲԸ Միութիւնը 130 հազար ԱՄՆ տոլար պիտի յատկացնէ Սուրիահայ ուսանողներուն:

2013թ. Հոկտեմբերին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, ՀՀ կրթութեան նախարարութիւնը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնն ու Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը Հայաստանի բարձրագոյն եւ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններէն ներս ուսում ստացող սուրիահայ ուսանողներու 2013-14 տարեշրջանի ուսման վարձերու փոխհատուցման ծրագիր իրականացուցած էին: Այդ ծրագիրով ՀԲԸՄ-ը, Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնն ու ՀՀ կառավարութիւնը փոխհատուցեցին 2013-14 տարեշրջանի ուսման վարձերը: Սուրիահայ 380 ուսանողներ օգտուեցան համատեղ ծրագրէն:

Նկատի ունենալով ծրագրի կենսական նշանակութիւնը, սուրիահայ ուսանողներուն ամէն գնով աջակցելու պատրաստակամութիւնը, ՀԲԸՄ-ն 2014-2015 եւ 2015-2016 ուսումնական տարեշրջաններուն պիտի շարունակէ է ծրագիրը, տարեկան յատկացնելով 130 հազար ԱՄՆ տոլար: Գ. Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը նոյնպէս յայտարարած է ծրագրի համար տարեկան 130 հազար ԱՄՆ տոլար յատկացնելու մասին, իսկ Հայաստանի կառավարութիւնը իր հերթին սուրիահայ ուսանողներու համար կիրառուող զեղչերու կողքին պիտի յատկացնէ յաւելեալ գումար: Նկատի առնելով Հայաստան փոխադրուած սուրիահայ ուսանողներու թիւի շարունակական աճը, ծրագրի մէջ հնարաւորինս մեծ թիւով ուսանողներ ընդգրկելու ընդհանուր մօտեցումը, կողմերը նախապատւութիւնը տուած են դիմումներու մեծամասնութիւնը կազմող BA ուսանողներու ուսման վարձերու փոխհատուցման:

Այնուհանդերձ, առաւելագոյն արդարութիւնն ապահովելու ու MA-ի ուսանողներուն նոյնպէս աջակցելու մտահոգութեամբ, կողմերը այժմ կը քննարկեն յստակ չափանիշներու կիրառմամբ ու առկայ պիւտճէի սահմաններու մէջ ուսման վճարներու փոխհատուցման ծրագրի մէջ զիրենք նոյնպէս օգնելու հնարաւորութիւնները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին